2017-10-04 09:55:00

Ոչ եւս է Հայր Թովմաս վարդապետ Կարապետեանը


(Ռատիօ Վատիկան) Հիւսիսային Ամերիկայի Տիրամայր Նարեկի Հայ Կաթողիկէ Թեմը եւ Սուրբ Մարկոս Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին (Ուինիուտ, Ֆիլատելֆիա) ցաւով կը գուժեն վաղահաս մահը Հայր Թովմաս Վարդապետ Կարապետեանի, որ պատահեցաւ Կիրակի, 1 Հոկտեմբեր 2017-ի առաւօտեան դէմ: Հանգուցեալին յուղարկաւորութեան հետ առնչուած անհրաժեշտ տեղեկութիւնները կը հաղորդուին առաջիկային: Կը խնդրենք բոլոր հաւատացեալներուն աղօթքները հանգուցեալ վարդապետին յաւիտենական հանգիստին համար: Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի:

Վատիկանի Ռատիոկայանի հայկական բաժնի անձնակազմը կը միանայ սիրելի Հայր Թովմաս Կարապետեանի սիրելիներուն ու հարազատներուն ինչպէս նաեւ  Արեւտմեան Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ թեմի ցաւին, աղօթքներ բարձրացնելով առ Աստուած հանգուցեալի հոգւոյն հանգստեան համար։

Հայր Թովմաս՝ համագործակցած է Վատիկանի Ռատիոկայանի հայկական բաժանմունքին հետ երբ  Լեւոնեան Վարժարանի Փոխ Տեսուչի պաշտօնը կը վարէր։  Անոր յիշատակը անմար կը մնայ մեր սրտերուն եւ մեր մտքերուն մէջ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.