2017-10-04 09:19:00

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի կոչը Քաթալոնիոյ հարցը Լուծելու Ժողովրդավարական միջոցներով


ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես կոչ ուղղած է Քաթալոնիոյ շուրջ ստեղծուած ճգնաժամը լուծելու ժողովրդավարական միջոցներով: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին լրատուամիջոցներուն յայտնած են ՄԱԿ-էն:

Ան «յոյս յայտնած է, որ Սպանիոյ ժողովրդավարական հաստատութիւնները պիտի գտնեն խնդիրին լուծման ուղիները»:

Լրատուամիջոցները նաեւ կը հաղորդեն, որ ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու յանձնակատար Զայետ Ռաատ Հիւսէյն պահանջած է, որ Սպանիոյ իշխանութիւնները 1 հոկտեմբերին տեղի ունեցած անկախութեան հանրաքուէին ընթացքին Քաթալոնիոյ բնակչութեան դէմ ապահովական ուժերուն կիրարկած բռնարարքներուն գծով «մանրակրկիտ, անկախ եւ անաչառ հետաքննութիւն» կատարեն:

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 72-րդ նստաշրջանի նախագահ Միրոսլաւ Լայչաքի ներկայացուցիչ Պրետնեն Վարման` արտայայտելով իր ղեկավարին դիրքորոշումը, յայտարարած է. «Ինքնորոշման իրաւունքը ժողովուրդներու հիմնարար իրաւունքն է»:








All the contents on this site are copyrighted ©.