2017-10-03 11:25:00

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը՝ Յիսուսէն խնդրենք քաջութիւնը իրեն հետեւելու։


(Ռատիօ Վատիկան) Այսօրուան Սուրբ Պատարագի Աւետարանը կը պատմէ, թէ Յիսուս աշակերտներուն հետ Երուսաղէմ կʼերթայ, որովհետեւ գիտէր թէ երկինք վերանալու ժամանակը մօտեցած էր։ Ան պատգամաւորներ կʼուղարկէ որպէսզի իրեն օթեւան պատրաստեն. սակայն սամարացիները կը մերժեն անոր օթեւան տրամադրել (Ղուկ Թ. 51-56)։ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին, իր քարոզին մէջ մեկնաբանեց Ղուկասի Աւետարանի վերոնշեալ հատուածը։

Յիսուս գիտէր թէ մօտ է իր չարչարանքներու եւ խաչելութեան պահը. Ան վճռակամ կʼընթանայ յառաջ, կʼընդունի Հօր կամքը եւ կʼաւետէ զայն իր աշակերտներուն։

Յիսուս միայն մէկ անգամ Հօրմէ կը խնդրէ հեռացնել չարչարանքի բաժակը, աւելցնելով սակայն՝ «ոչ իմ կամքս ըլլայ, այլ քու կամքդ»։ Յիսուս կը հնազանդի Հօր. կը հնազանդի մինչեւ վերջ։ Յիսուս այս բոլորը կը կատարէ համբերութեամբ։ Անոր ուղին ոչ միայն խաչի տառապալի մահն է, այլ նաեւ Անոր երթը՝ համբերութեամբ։

Սակայն աշակերտները չեն ուզեր հետեւիլ իրենց վարդապետին, Յիսուսի այդ երթին՝ դէպի Երուսաղէմ եւ դէպի խաչ։ Այս կեցուացքին կը հանդիպինք Աւետարաններուն մէջ շատ անգամ։ Աշակերտները երբեմն չէին հասկնար կամ չէին ուզեր հասկնալ թէ Յիսուս ի´նչ կʼուզէր ըսել, որովհետեւ կը վախնային։ Ուրիշ անգամներ անոնք կը ծածկէին ճշմարտութիւնը, եւ կամ կը խոտորէին, կատարելով օտարոտի բաներ. եւ կամ ինչպէս կը կարդանք այսօրուան Աւետարանին մէջ, կը փնտռէին այլուրեքութիւն մը՝ որպէսզի չմտածեն թէ ինչ կը սպասէր Յիսուսի։

Ոչ ոք կը հասկնար Յիսուսի խորհուրդը. Յիսուս առանձին էր իր որոշումին մէջ. Յիսուս առանձին էր Երուսաղէմի ճանապարհին վրայ։ Յիշենք թէ ինչպէս աշակերտները զԱյն լքեցին, Պետրոս զԱյն ուրացաւ։ Աւետարանին մէջ կը կարդանք, թէ միայն հրեշտակ մը երեւցաւ Անոր։ Այդ հրեշտակը միակ ընկերակցողն էր։

Սրբազան Հայրը յորդորեց, որ իւրաքանչիւրը ժամանակ տրամադրէ եւ մտածէ, թէ Յիսուս որքա´ն սիրեց մեզ, եւ առանձին քալեց դէպի խաչ։ Մտածենք, տեսնենք եւ շնորհակալ ըլլանք Յիսուսի, որ հնազանդ էր եւ քաջարի. խօսակցինք Անոր հետ։

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց խօսքերը յորդորելով, որ այսօր ժամանակ տրամադրենք, թէկուզ քանի մը վայրկեան, եւ խաչելութեան դիմաց մտածենք, թէ ինչպէս Յիսուս կը քալէ դէպի Երուսաղէմ եւ խնդրենք՝ Անոր մօտէն հետեւելու շնորհքը։ Ապա սրբազան Հայրը ըսաւ, թէ կրնանք խօսիլ Յիսուսի հետ հետեւեալ ձեւով՝ «Որքան ստէպ կʼուզեմ կատարել շատ բաներ եւ չեմ նայիր Քեզի, որ ինծի համար չարչարուեցար եւ խաչուեցար. դուն որ համբերեցիր, համբերող Աստուած, որ շատ համբերութեամբ հանդուրժեցիր իմ մեղքերուս եւ սխալներուս»։








All the contents on this site are copyrighted ©.