2017-10-02 08:34:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Չեզենա եւ Պոլոնիա հովուական այցելութեան եզրափակիչ սուրբ պատարագը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 1 հոկտեմբեր՝ 2017-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Չեզենա եւ Պոլոնիա կատարած միօրեայ հովուական այցելութիւնը աւարտեց երեկոյեան Պոլոնիայի Տալլարա մարզադաշտին մէջ մատուցած սուրբ պատարագի արարողութեամբ, որուն առթիւ արտասանած քարոզին մէջ մեկնաբանեց օրուան աւետարանական ընթերցումը (Մատթ. 21, 28-32) ուր կը խօսուի երկու որդիներու մասին որոնց հայրը  անոնց կը դիմէ խնդրելով որ  այգիին մէջ  աշխատին. Առաջինը անոր կը պատասխանէ չեմ ուզէր՝ սակայն աւելի ուշ կը զղջայ ու կ՛երթայ, մինչ երկրորդը՝ «կ՛երթամ տէր» կ՛ըսէ ու  չ՛երթար։  Յիսուս առ այդ շուրջիններուն հարց կու տայ. «երկուքէն ո՞վ հօրը կամքը կատարեց» ու անոնք կը պատասխանեն առաջինը։

Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատեց թէ «զղջումը» բանալի բառն է՝ որ մեզ խուսափիլ կու տայ կեղծաւորութենէն, կրկնակի կեանքէն, կղերապաշտութենէն…«Իւրաքանչիւրս ուղեւորութեան ընթացքին ունի երկու ճանապարհ – ըսաւ Ան – ըլլալ զղջացած մեղաւորներ կամ կեղծաւոր մեղաւորներ»։

«Յիսուսի այս առակը ուղղուած էր կրօնապետերուն որոնք լաւապէս կը ճանչնային օրէնքները ու զանոնք  յաջող կերպով կարող էին բացատրել,  սակայն անոնց կը պակսէր հեզութիւնը ունկնդրելու, քաջութիւնը իրենք զիրենք հարցադրելու, ու զղջումի ուժը» ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով թէ Յիսուս խիստ էր անոնց հետ. «մաքսաւորներն ու պոռնիկները ձեզ կը կանխեն երկնքի Արքայութեան մէջ» - ըսած էր անոնց։ Այս խօսքերով Յիսուս մեզի եւս կ՛ուզէ բացայայտել թէ քրիստոնէական կեանքը, նախապէս ծրագրուած կեանք մը չէ, ուր բաւարար է յարգել ու կատարել մի քանի հրահանգներ մեր խիղճը հանգստացնելու համար, այլ ուղեւորութիւն մըն է, խոնարհ ուղեւորութիւն մը՝ խղճի մը որ միշտ յարաբերութեան մէջ է Աստուծոյ հետ որ գիտէ ներում խնդրել, զղջալ ու Աստուծոյ վստահիլ։ «Բանալի բառը զղջումն է որ «ոչը՝ այոյի կը վերածէ» շեշտեց Նորին Սրբութիւնը եւ ակնարկեց ժամանակակից իրականութեան հայրերու եւ զաւակներու միջեւ յարաբերութեան ու արագընթաց փոփոխութիւններուն, այս առընչութեամբ ընդգծելով սերունդներու միջեւ հանդիպումի կարեւորութիւնը, երկխօսութիւնն ու միասին քալելու հարկաւորութիւնը, ապա խօսքը կեդրոնացուց երեք բառերու վրայ. Աստուծոյ Խօսքը, որ խոնարհ ճանապարհորդութեան կողմնացոյցն է, ըսաւ Ան, ապա Հացը՝ Սուրբ Հաղորդութիւնը, որուն միջոցաւ կը հանդիպինք ու սնունդ կ՛առնենք Քրիստոսի մարմինէն եւ որուն շուրջն է որ Եկեղեցին կը համախմբուի, հուսկ Աղքատները՝ որոնց մէջ կը գտնենք Յիսուսը որ աշխարհ եկաւ որպէս աղքատ, ինքզինք խոնարհեցնելով ու դառնալով ծառայ» յարեց Սրբազան Պապը ու ակնարկեց Կարդինալ Լէրքարոյի մէկ խօսքին.« Եթէ կը բաժնեկցինք երկնքի հացը, ինչպէս չի բաժնեկցինք երկրայինը» ու քարոզը եզրափակեց հրաւիրելով չմոռնալ այս խօսքերը։   








All the contents on this site are copyrighted ©.