2017-10-02 09:10:00

Եւրոպայի եպիսկոպոսական ժողովներու խորհուրդի լիագումար նիստի պատգամը


(Ռատիօ Վատիկան) Մինսքի մէջ 27 սեպտեմբերէն մինչեւ 1 հոկտեմբեր գումարուեցաւ Եւրոպայի եպիսկոպոսական ժողովներու խորհուրդի լիագումար նիստը։

Ժողովի աւարտին խորհուրդը հրապարակած է պատգամ մը, ուր կը հաստատէ, թէ «Եկեղեցին կը սիրէ Եւրոպան եւ կը հաւատայ Եւրոպայի ապագային. Եւրոպան պարզապէս հողամաս մը չէ այլ հոգեւոր պարտականութիւն մըն է։»

Լիագումար նիստի ժամանակ, մասնակիցները նորոգած են իրենձ յանձնառութիւնը՝ խանդավառութեամբ մասնակցիլ ցամաքամասի երթին։

Պատգամը կʼըսէ՝ «Մեր խորհուրդի պարտականութիւնն է, զանազան ազգերու հովիւներուն միջեւ խթանել հաղորդութիւնը, եւ գտնել ճանապարհներ որպէսզի Յիսուս Քրիստոսի ձայնը վերահնչէ Եւրոպայի մարդուն սրտին, մշակոյթին եւ ընկերութեան մէջ։ Մարդկային իրաւունքը ու՞ր պիտի կարենայ ամրօրէն խարսխուած ըլլալ, եթէ ոչ Աստուծոյ մարդացեալ Որդւոյն Յիսուսի մէջ։» Քրիստոնէութիւնը երկու հազար տարիներ կատարած է իր ներդրումը Եւրոպայի ցամաքամասին. ասոր կենդանի վկայութիւններն են մարդասիրական արարքներ, արուեստ եւ մշակոյթ։

Եպիսկոպոսները կը յիշեցնեն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապի յորդորը՝ «այս սիրելի ցամաքամասին տալ քաջարի նոր թափ մը»։ Անոնք կը հաւատան հոգեւոր եւ բարոյական գաղափարականներու միութեան, որ միշտ եղած է Եւրոպայի հոգին եւ ճակատագիրը։ Ասոր համար եպիսկոպոսական ժողովները ժողովուրդներուն եւ ազգերուն կը յայտնեն իրենց քաջալերանքը՝ որպէսզի վերջիններս հակազդեն աշխարհայնականութեան ուժեղ հմայքներուն, որոնք կը յորդորեն ապրիլ առանց Աստուծոյ, եւ զԱստուած սահմանափակել անհատական ոլորտի մէջ, սնուցանելով անհատապաշտութեան սրեմեր եւ յառաջացնելով առանձնութիւն։

Պատգամը կʼանդրադառնայ երիտասարդութեան, որ յատուկ ուշադրութեան առարկայ եղած է խորհուրդի նիստերուն։ «Եկեղեցին հաւատք, յարգանք եւ վստահութիւն ունի երիտասարդրներուն նկատմամբ, ինչպէս մայր մը իր զաւակներուն հանդէպ»։

Պատգամի աւարտին, եպիսկոպոսները կը յիշեցնեն Յիսուսի խօսքը՝ «մի՛ վախնաք, ես ձեզի հետ եմ», վստահեցնելով, թէ «Եկեղեցին պիտի քալէ Եւրոպայի հետ դէպի հաշտութեան, արդարութեան եւ խաղաղութեան ապագայ մը։»








All the contents on this site are copyrighted ©.