2017-10-01 11:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Չեզենա թեմին կղերական դասին հետ հանդիպումը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի մէկ հոկտեմբեր 2017-ի առաւօտեան Չեզնայի քաղաքացիութեան հետ հանդիպումը աւարտելէ ետք Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ուղղուեցաւ Չեզենայի աթոռանիստ եկեղեցի ուր հանդիպում ունեցաւ տեղական կղերական դասին, ու հովուական խնամակալութեամբ զբաղող աշխարհականներու հետ։ Աթոռանիստ եկեղեցի չի հասած Նորին Սրբութիւնը կանգ առաւ Չեզենայի «Palazzo del Ridotto» պալատին մօտ ուր բացումը կատարեց Պիոս Զ-ի նուիրուած յուշաքարին ապա ուղղուեցաւ Աթոռանիստ Եկեղեցի որուն մուտքին զինք դիմաւորեցին խումբ մը մանուկներ ու երիտասարդներ ու զանոնք ողջունելէ ետք մուտք գործեց Եկեղեցի՝ ուր պահ մը ամփոփուեցաւ Սուրբ Հաղորդութեան խորանի առջեւ ապա ողջունեց այնտեղ համախմբուած շարք մը հիւանդներ եւ ուղղուեցաւ Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ կեդրոնական խորան  ուր Չեզենա թեմին եպիսկոպոսին ուղղած բարի գալուստի խօսքէն ետք Սրբազան Քահանայապետը  ներկաներուն փոխանցեց իր պատգամը որուն մէջ շեշտը դրաւ Յիսուսի աշակերտի առաջնահերթ առաքելութեան մասին. «Հռչակել եւ ուրախութեամբ վկայել Աւետարանը», պարտականութիւն ու առաքելութիւն մը որ պէտք է կատարուի համագործակցութեամբ ու համապատասխանատուութեամբ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը՝ հովիւներ, աշխարհականներ ու հաւատացեալներ որպէս  գլուխ ունենալով Եպիսկոպոսը։

Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց ապա ժամանակակից ընկերութիւնը յուզող զանազան հարցերուն ու յատկապէս աղքատութեան վէրքին, դիտել տալով թէ կարիքը կայ սիրոյ յեղափոխութեան, գիտակից ըլլալով թէ առանձին ոչ մի բան կարող ենք ընել ու թէ առաքելութիւնը լաւապէս կատարելու համար կարիքը ունինք Տիրոջ հովանիին. Առ այդ հարկսւոր է միշտ դիմել աղօթքին ու Աստուծոյ Խօսքի խորհրդածութեան։

Աղօթքը առաքելութեան ուժն է, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, հրաւիրելով հովուական խնամակալութեան գործիչները միշտ ընթանալու դէպի արուարձանները, հաւատարիմ ու միացած մնալով առաքելութեան ու հաւատքի կեդրոնին՝ որ է Քրիստոսի սիրտը, լի ողորմութեամբ ու սիրով։ Անոր հետ հանդիպելով մենք եւս կարողութիւնը կ՛ունենանք ունենալու Անոր սիրոյ ու յարգանքի հայեացքը, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, որպէսզի մենք եւս կարողանանք սատարել քնքշութեան յեղափոխութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսքը կեդրոնացուց երիտասարդներուն վրայ, որոնք Եկեղեցւոյ կենդանի մասնիկ են, ըսաւ Ան, ակնարկելով երիտասարդներուն նուիրուած յառաջիկայ Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսին, ու հաստատելով թէ Եկեղեցին մեծ սպասումներ ունի երիտասարդներէն ու թէ անոնք սակայն պէտք ունին օգնութեան ու քաջալերանքի, բացայայտելու համար իրենց շնորհուած Տիրոջ պարգեւները ու դիմադրելու ներկայ մարտահրաւէրներուն։ Ասոր համար, ըսաւ Սրբազան Պապը, ձեզ կը հրաւիրեմ հանդիպելու անոնց, ունկնդրելու զանոնք ու անոնց հետ քալելու որպէսզի կարողանան հանդիպիլ Քրիստոսին ու անոր սիրոյ ազատագրող պատգամին։ Այս ընելու համար հարկաւոր է երիտասարդներու ու տարեցներու միջեւ հաստատել երկխօսութիւն, հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը մէջբերելով Հովել մարգարէի խօսքերը «Տարեցները պիտի երազեն ու երիտասարդները պիտի մարգարէանան»։

«Երիտասարդներուն ուշադրութիւն դարձնող Եկեղեցի մը՝ ընտանիքներէն բաղկացած ընտանիք Եկեղեցի մըն է» յարեց ապա Սրբազան Պապը ու քաջալերեց այս ուղղութեամբ աւելի աշխատանք տանիլ ընտանիքներուն հետ ու ընտանիքներուն համար, հաստատելով թէ ընտանիքը՝ որպէս ընկերութեան  հիմնական բջիջ, այսօր կ՛ապրի դժուար ճգնաժամ մը ու թէ եկեղեցին կանչուած է ըլլալու անոնց մօտիկ ու թիկունք կանգնելու անոնց։

Սրբազան Քահանայապետը խօսքը ուղղելով ապա Քահանաներուն յանձնարարեց առօրեայ հանդիպում ունենալ Քրիստոսին հետ ու ատկէ մեկնելով ամէն օր վերագտնել քահանայական կոչումին  գեղեցկութիւնն ու ուրախութիւնը։ Երբեք չի կորսնցնէք ուրախութիւնը, ըսաւ Սրբազան Պապը, որովհետեւ եթէ դուք գտնէք Տէրը՝ գտած կ՛ըլլաք նաեւ ուրախութիւնը, ուրախութիւնը՝ կանչուած ըլլալու ՝ Տիրոջմէն, Անոր հետեւելու ու Ւր խօսքը, ներումը, սէրն ու շնորհքը տանելու ուրիշներուն։ Տիրոջ կոչումը ամէն օր կը նորոգուի սուրբ հաղորդութեան մէջ ու Աստուծոյ Ժողովուրդին հետ հանդիպումով, ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապր ու հրաւիրեց բոլոր ներկաները չի վհատելու դժուարութիւններու առջեւ այլ քաջութեամբ ու վեհանձնութեամբ վկայելու Աւետարանը քալելով միասնաբար՝ քահանաներ, նուիրեալ անձինք, սարկաւագներ ու աշխարական հաւատացեալներ, խուսափելով  շատախօսութիւնէն ու չարախօսութիւններէն որոնք հասարակութիւնները կը կործանեն։

Ձեր այս ուղեւորութեան մէջ միշտ ի միտ ունեցէք Տիրոջ խոստումը՝ Սուրբ Հոգիին զօրութիւնը, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու խօսքը եզրափակեց բոլոր ներկաները յանձնելով Աստուածամօր հովանիին ապա օրհնեց զանոնք ու խնդրեց որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.