2017-10-01 10:24:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հովուական այցելութիւնը Չեզենա. Քաղաքացիութեան հետ հանդիպում


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի մէկ հոկտեմբերին առաւօտ կանուխ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի ուղղաթիռի կայանէն մեկնեցաւ Չեզենա,  ուր ՝ընդառաջելով Չեզենա քաղաքի եպիսկոպոս` գերապայծառ Տուկլաս Ռեկաթթիերիի հրաւէրին, Չեզենայի մէջ նշեց Պիոս Զ Պապի ծննդեան 300-րդ յոբելեանը։

Չեզենա քաղաքէն ետք Սրբազան Պապը հովուական այց կը կատարէ նաեւ Պոլոնիա, ընդառաջելով Թեմին եպիսկոպոս` գերապայծառ Մաթթէօ Ծուփփիի հրաւէրին գլծաւորելու համար Սուրբ Հաղորդութեան թեմական գիտաժողովի փակման արարողութիւնը։

Չեզենա ժամանելուն  Նորին Սրբութիւնը դիմաւորուեցաւ Չեզենա թեմին եպիսկոպոս՝ գերապայծառ Ռիկաթթիերիի ու շրջանի քաղաքական իշխանութիւննետու կողմէ ապա անմիջապէս ուղղուեցաւ Չեզենայի «Piazza del Popolo» հրապարակ, ուր հանդիպում ունեցաւ Չեզենայի քաղաքացիներուն հետ ու անոնց ուղղած իր ճառին մէջ ակնարկեց Չեզենայի քաղաքի երկու Քահանայապետերուն՝ Պիոս Զ, որուն ծննդեան 300 ամեակը կը նշուի, եւ Պիոս Է, ապա շեշտը դրաւ «հասարակաց բարիքի» վրայ ու այդ բարիքը հետապնդելու հարկաւորութեան վրայ՝  իրագործելու համար վսեմ ձգտումները։

«Հարկաւոր է, ըսաւ Ան, որ ամէնքս գործենք ի սպաս հասարակաց բարիքին» ապա մատնանշեց «քաղաքականութեան» ընդգծելով թէ քաղաքականութիւնը պէտք չէ ըլլայ ոչ ստրուկ եւ ոչ ալ տիրապետող՝ այլ բարեկամ ու համագործակից, ոչ թէ վախկոտ եւ արկածախնդիր այլ պատասխանատու, քաջ եւ խոհեմ միեւնոյն ժամանակ, քաղաքականութիւն մը որ կը նեռարէ բոլորը ու գիտէ ներդաշնակութիւն ստեղծել իւրաքանչիւր անհատի ու խումբերու ձգտումներուն միջեւ, միշտ ի միտ ունենալով համայն քաղաքացիներուն շահերը։

Քաղաքականութիւնը ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ծառայութիւն մըն է ի սպաս հասարակաց բարիքին ու հրաւիրեց երիտասարդներն ու նուազ երիտասարդները լաւապէս պատրաստուելու ու յանձնառու ըլլալու այդ ասպարազէն ներս, գործելով ի սպաս հասարակաց բարիքին ու մերժելով կաշառակերութեան որեւէ մէկ երեւոյթ, որովհետեւ, յարեց Նորին Սրբութիւնը, կաշառակերութիւնը քաղաքականութեան կոչումին ցեցն է ու արգելք է քաղաքակրթութեան աճումին։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա կոչ ուղղեց բոլոր քաղաքական իշխանութիւնները ներկայացնող անձնաւորութիւններուն ըլլալու արդար, ունենալու բարոյական կենցաղ ու քաջութիւն՝ ընդունելու իրենց սխալները, այն ժամանակ երբ կ՛անդրադառնան թէ սխալած են,  նկատի առնելով թէ ոչ մէկը կարող է հարցերը լուծել կախարդական գաւազանով, եւ միւս կողմէն, Սրբազան  Քահանայապետը  հարկաւոր նկատեց որ քաղաքացիները եւս ունենան կառուցողական կեցուածք ու երբ տեսնեն որ քաղաքական գործիչը սխալած է չի քննադատեն զայն լոկ քննադատելու համար այլ անոր դիմեն կառուցողական կեցուածքով ու հասկցնեն թէ գուցէ սխալած է, որովհետեւ, ընդգծեց Սրբազան Քահանայապետը, սխալիլը մարդկային է։

Իր երկարաշունչ ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց վերակենդանացնել քաղաքականութեան ոգին որ յատկանշած է Ռոմանիա Մարզը յատկապէս ուշադրութիւն դարձնելով երիտասարդներու ձայնին ինչպէս նաեւ տարեցներու իմաստութեան ու այս երկու սերունդներու միջեւ երկխօսութիւն հաստատելով, որովհետեւ առաջինները ունին կորովը՝ իրականացնելու ծրագիրները իսկ տարեցները ունին կեանքի փորձառութիւնն ու իմաստութիւնը, դիտել տուաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ուր շեշտը դրաւ «բարի քաղաքականութեան» վրայ որուն պարտականութիւնն է, շեշտեց Սրբազան Պապը, ծառայել հասարակաց բարիքին, նուազեցնել անհաւասարութիւնները, զարգացնել  ընտանիքին հայող ծրագիրներ, ու ապահովել պարտականութիւն-իրաւունք ամուր հիմք մը։

Խօսքին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց բոլոր ներկաները աղօթելու Տիրոջ որպէսզի պարգեւէ  քաղաքական բարի գործիչը որոնք ի սիրտ ունենան ընկերութիւնը, ժողովուրդը եւ աղքատներուն բարիքը։ Անոր՝ Արդարութեան ու Խաղաղութեան Աստուծոյ կը յանձնեմ ձեր աս քաղաքին ընկերային ու քաղաքացիական կեանքը - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով իր ճառը։








All the contents on this site are copyrighted ©.