2017-10-01 16:38:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը ակադեմիական աշխարհի ներկայացուցիչներուն հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Չեզենա եւ Պոլոնիա կատարած հովուական այցելութեան ծիրէն ներս, Կիրակի մէկ հոկտեմբերի յետմիջօրէին, Սրբազան Քահանայապետը Պոնոլիայի Սուրբ Պետրոս պազիլիքաղին մէջ հանդիպում ունեցաւ թեմին կղեարական դասին ու նորընծաներուն հետ ուր Թեմին Արքեպիսկոպոս՝ գերապայծառ Մաթթէօ Ծուփիի ողջոյնի խօսքէն ետք Սրբազան Քահանայապետը ներկաներուն փոխանցեց իր սրտի խօսքը խրախուսելով զանոնք միշտ կառչած մնալու իրենց հաւատքին ու իրենց առաքելութիւնը կատարելու վեհանձնութեամբ ու մեծ նուիրումով։

Կղերական դասին հետ ունեցած հանդիպումի աւարտին Նորին Սրբութիւնը փոխադրուեցաւ Պոնոլիայի «Piazza San Domenico» հրապարակ ուր հանդիպում ունեցաւ աշակերտութեան ու ակադեմիական աշխարհի ներկայացուցիչներուն հետ, անոնց ուղղելով ճառ մը՝ որուն մէջ գնահատեց Պոլոնիայի համալսարանի գործունէութիւնը ակնարկելով համալսարանի «տիեզերական» բնոյթին, որ վախ չունի ներառելու, եւ ուր աշխարհի զանազան երկիրներէն երիտասարդներ եկած են իրենց ուսումները շարունակելու հիւրընկալութիւն գտնելով Պոլոնիա քաղաքին մէջ, որ կը հանդիսանայ  հանդիպումներու ու յարաբերութիւններու խաչմերուկ։

Սրբազան Քահանայապետը  խօսքը կեդրոնացուց Պոլոնիայի համալսարանի իւրայատուկ կոչումին վրայ հաստատելով թէ «բարիին փնտռտուքը ուսմունքի մէջ յաջողութեան բանալին է, մինչ սէրը կը համեմէ գիտութեան գանձերը» ու շեշտը դրաւ երեք իրաւունքներու վրայ. Մշակոյթի իրաւունք, յոյսի իրաւունք ու խաղաղութեան իրաւունք։

Մշակոյթի իրաւունքի լոկ սորվելու իրաւունք չէ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, դիտել տալով թէ շատ մը վայրերու մէջ բազմաթիւ երիտասարդներ այդ իրաւունքէն զրկուած են, այլեւ պաշտպանել գիտութիւնը՝ մարդկային գիտութիւնը որ հարցեր կարող է յառաջացնել հասկնալու համար կեանքին իմաստը։ «Ձեր պարտականութիւնն է պահպանել իսկական մշակոյթը» ըսաւ Սրբազան Հայրը, «մենք կարիքը ունինք խօսքերու որոնք մտքերուն ու սրտերուն մէջ կը դրոշմուին ու հակառակ են այդ սուտ մշակոյթին որ մարդը «մնացորդ»ի կը վերածէ։

Ապա յոյսի իրաւունքը. Իրաւունք ապրելու ազատ ու ապագային նկատմամբ  անվախ,  գիտակից ըլլալու թէ կեանքին մէջ կան նաեւ գեղեցիկ ու մնայուն իրականութիւններ որոնց համար կ՛արժէ զոհողութիւններ կատարել։ Իրաւունք հաւատալու թէ իսկական սէրը անցողական կամ «գործածել ու դափել» չէ ու թէ աշխատանքը առասպելական իրականութիւն մը չէ՝ այլ խոստում մըն է որ պէտք է յարգուի։  

Իսկ Երրորդ իրաւունքը՝ խաղաղութեան իրաւունք է, «իրաւունք ու պարտականութիւն մը դրոշմուած մարդու սրտին մէջ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով ՝ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք կնքուած՝ Հռոմի դաշնագիրի 60րդ տարեդարձին, որով ստեղծուեցաւ միութիւնը՝ երաշխաւորելու համար խաղաղութիւնը։

Պատմութիւնը մեզի կը սորվեցնէ թէ պատերազմը միշտ եղած է եւ է «անիմաստ կոտորած» հաստատեց Պապը ու հրաւէր ուղղեց հրաժարելու պատերազմէն ու ի գործ դնելու ոչ բռնութեան ու արդարութեան ճանապարհ մը՝ ի սպաս խաղաղութեան խթանումին։

Նորին Սրբութիւնը ապա քննադատեց բռնութիւնը  դաւադրողները որոնք զինավաճառքը կը յառաջացնեն ու ոտնակոխ կ՛ընեն խաղաղութիւնը իրենց շահերուն համար,  ապա նշեց թէ  ժամանակակից մարտահրաւէրներէն մին՝ մարդոց ու ժողովուրդներու իրաւունքը երաշխաւորել է, յատկապէս տկարներունը, մեկուսացուածներունը, արարչութեան ու մեր հասարակաց տան իրաւունքը։ 

«Մի հաւատք անոնց որոնք ձեզ կը խրատեն պայքար չի մղել, հաստատելով թէ ոչ մի բան կը փոխուի, մի բաւարարուիք փոքրիկ երազներով այլ երազեցէք մեծ բաներ» հրաւէր ուղղեց Սրբազան Պապը  վերանորոգելով իղձ  երազելու  «նոր մարդկայնապաշտ եւրոպա մը, ուր կարիքը կայ յիշողութեան, քաջութեան, եւ մարդկային առողջ երազանքի»։ Մայր Եւրոպա մը, որ «յարգէ կեանքը եւ կեանքին յոյս ներշնչէ»։  «Եւրոպա մը, ուր երիտասարդները  շնչեն՝ ազնուութեան մաքուր օդը, սիրեն մշակոյթի գեղեցկութիւնը ու պարզ կեանքը» ուր՝ ամուսնանալն ու զաւակ ունենալը ըլլայ մեծ ուրախութիւն ու պարտականութիւն  եւ ոչ թէ հարց՝ աշխատանքի պակասի պատճառաւ։

Ես կ՛երազեմ Եւրոպա մը «Մայր ու համալսարանական» որ հիմնուած իր մշակոյթի յիշողութեան վրայ իր զաւակներուն ներշնչէ յոյս ու դառնայ աշխարհի համար  խաղաղութեան գործիք ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով իր ճառը։  








All the contents on this site are copyrighted ©.