2017-10-01 12:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին գաղթականներուն հետ հանդիպումը Պոլոնիայի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 1 հոկտեմբեր 2017-ի առաւօտեան աւարտելով Չեզենա կատարած հովուական այցը Նորին Սրբութիւնը ուղղաթիռով փոխադրուեցաւ Պոլոնիա ուր դիմաւորուեցաւ տեղւոյն եպիսկոպոս գերապայծառ Մաթթէսօ Մարիա Ծուփփիի ու քաղաքական պատկան իշխանութիւններու ներկայացուցիչներու կողմէ, ապա ուղղուեցաւ գաղթականները հիւրընկալով «Էնրիքօ Մաթթէյ» տարածաշրջանային կեդրոն ուր հիւրընկալուած են 1000 է աւելի գաղթականներ ու անոնց հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին բոլորին վստահեցուց իր մօտիկութիւնը, նշելով թէ ինք ուզեց այս վայրէն սկսիլ Պոլոնիայի հովուական այցելութիւնը, որովհետեւ այդ վայրը նաւահանգիստն է անոնց՝ որոնք աներեւակայելի զոհողութիւններ կատարելով եկած են հեռաւոր երկիրներէ։

Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց ապա գաղթականի նկատմամբ յառաջացած վախի ու անվստահութեան երեւոյթի, դիտել տալով թէ շատ անգամ ուրիշին կը նայինք առանց ողորմութեան աչքերու, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց այն իշխանութիւններուն ու բոլոր կամաւորներուն որոնք յանձնառութեամբ կը գործեն գաղթականներուն ի սպաս, հրաւիրելով այլ երկիներ եւս, սատարելու եւ օգնութեան հասնելու գաղթականներուն, որոնք յաճախ կը փախչին դժուար կացութիւններէ ու այս առընչութեամբ հարկաւոր նկատեց նոր միջավայրերու մէջ  գաղթականներուն  «համալրումը », համալրում որ կը սկսի ճանաչողութենէն, ըսաւ Սրբազան Պապը, նշելով թէ իւրաքանչիւր պանդուխտ իր հետ կը բերէ պատմութիւնը մը ու հարստութիւն մը։

«Ես ձեր մէջն եմ որովհետեւ իմ աչքերուս մէջ կ՛ուզեմ ձեր աչքերը կռել, իմ սրտիս մէջ ձեր սիրտը։ Իմ հետս կ՛ուզեմ տանիլ ձեր դիմագիծերը» ըսաւ Սրբազան Պապը այդ անձերը նկատելով «յոյսի մարտիկներ» ու հրաւիրեց պահ մը լռութիւն պահել բոլոր այն փախստականներուն համար որոնք պանդխտութեան ճանապարհին վրայ իրենց կեանքը կորսնցուցին հուսկ հրաւիրեց գաղթականները բացուելու զիրենք ընկալող քաղաքի մշակոյթին ու քալելու այն ճանապարհին վրայէն զոր երկրին օրէնքները ցոյց կու տան։ 

«Եկեղեցին Մայր է որ զարտուղութիւն չի դներ ու ամէն անհատ կը սիրէ որպէս Աստուծոյ զաւակ» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ Պոլոնիա քաղաքը եղած է միշտ հիւրընկալ քաղաք մը ու թէ իր իղձն է որ Պոլոնիա քաղաքի ապրած փորձառութիւնը կրկնապատկուի ապա հաստատեց թէ Պոլինան՝ 760 տարիներ առաջ եղաւ Եւրոպայի առաջին քաղաքը որ ազատ արձակեց 5855 ստրուկներ, զանոնք «որդեգրելով» որպէս քաղաքացիներ , ու զանոնք ճանչնալով որպէս մարդ էակներ, ապա գիրքի մը մէջ ամփոփեցին անոնց անունները։ Որքան կը փափաքէի որ ձեր անունները եւս գրուէին ու յիշուէին, որպէսզի ինչպէս անցեալին- այսօր եւս միասնաբար որոնենք միասնական ապագայ մը  ըսաւ Սրբազան Պապը եզրափակելով խօսքը ու ներկաներէն խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.