2017-10-01 13:41:00

Ֆրանչիսկոս Պապ Պոլոնայի մէջ հանդիպեցաւ գործարարական ու բանուորական աշխարհի անդամներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի մէկ հոկտեմբեր 2017-ին, Չեզենա եւ Պոլինա քաղաքներուն կատարած հովուական այցելութեան ծիրէն ներս, Սրբազան Քահանայապետը, Պոլոնիայի  «Piazza Maggiore» հրապարակին վրայ  հանդիպում ունեցաւ գործարարական ու բանուորական աշխարհի անդամներուն հետ, որուն աւարտին նոյն վայրէն արտասանեց Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը, ապա Սան Փեթրոնիօ Պազիլիքային մէջ  կէսօրուան զօրակցական ճաշը բաժնեկցեցաւ  խումբ մը գաղթականներու, բանտարկեալներու ու աղքատներու հետ որմէ ետք հանդիպում ունեցաւ տեղական կղերական դասին հետ։

Գործարարական ու բանուորական աշխարհի անդամներուն հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը խօսեցաւ աշխատանքի  պակասի տագնապի մասին ու այս ուղղութեամբ պատշաճ քաղաքականութիւն մը որդեգրելու հարկաւորութեան մասին յատուկէն անդրադառնալով տեղական իրականութեան ուր ընկերութեան զանազան խաւերու միջեւ շեշտուած է «զօրակցութեան» երեւոյթը։

«Աւելի արդար ընկերութեան մը փնտռտուքը անցեալի երազ մը չէ այլ յանձնառում ու աշխատանք՝ որ կարիքը ունի բոլորին» կոչ ուղղեց Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով երիտասարդներու «անգործութեան» երեւոյթին ինչպէս նաեւ աշխատանքի պակասի բերումով յառաջացած աղքատութեան ու արժանապատուութեան կորուստին։

Նորին Սրբութիւնը ապա նշեց եւրոպական ու համաշխարհային տնտեսական տագնապի պատճառները որ է «նաեւ բարոյական, մարդկային ու հոգեւոր տագնապ» ըսաւ Ան, որուն  հիմքը կը գտնուի հասարակաց բարիքին նկատմամբ՝ անհատներու կամ փոքրիկ խումբերու  իրագործած դաւաճանութեան մէջ։ Այս ուղղութեամբ Սրբազան Քահանայապետը հարկաւոր նկատեց վերացնել շահոյթի օրէնքի կեդրոնականութիւնը ու զայն յատկացնել անձին ու հասարակաց բարիքին, այս առընչութեամբ կարեւոր նկատելով նաեւ արժանավայել աշխատանքը։ «Այս մէկը կը պահանջէ համայն ընկերութեան յանձնառումը» հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրուելով ընկերութեան զանազան խաւերը իրար հետ երկխօսութիւն հաստատելու եւ համագործակցելու, որպէսզի ամրապնդուի «մարդկայնութիւնը» ու միասին դիմագրաւուին ներկայ մարտահրաւէրները։

Սրբազան Քահանայապետը ապա Տիրոջ եւ Աստուածամօր հովանիին յանձնեց ներկաներուն մտահոգութիւններն ու անձկութիւնները ու հրաւիրեց  միասին աղօթելու Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.