2017-10-01 10:48:00

Կիրակի 1 Հոկտեմբեր 2017 - Գ. Կիրակի Խաչէն ետք - Տօն Վարագայ Սուրբ Խաչին


Մատթէոս 24, 30-35

ՎԵՐՋԻՆ ԴԱՏԱՍՏԱՆԻ ՆՇԱՆՆԵՐԸ

Աւետարանի մեծագոյն մեկնաբանները Քրիստոսի այս խօսքերուն մէջ տեսած են աշխարհի վերջի, ինչպէս նաեւ Վերջին Դատաստանի նկարագրութիւնը։ Այս խօսքերով` Յիսուս չ՛ուզեր մեզ սարսափեցնել, այլ ընդհակառակը` կ՛ուզէ պատրաստել մեր սրտերը իր վերջին գալստեան. Եւ տրուած ըլլալով որ չենք գիտեր ժամը եւ օրը, ուստի միշտ պատրաստ գտնուելու ենք, որպէսզի արժանանանք փառքի մէջ մտնելու եւ լոյսերու մէջ դասուելու։

Ապաշխարութիւնը լաւագոյն պատրաստութիւնը կը կազմէ քրիստոնեայի մը համար, ոչ թէ որովհետեւ ան մեղաւորի մտայնութիւն պէտք է մշակէ, այլ որպէսզի խոնարհաբար պատրաստուի ընդունելու Տէրը իր սրտին մէջ. Ապաշխարութեան արտաքին ձեւերէն մին կը կայանայ կուրծքի փախումին մէջ։ Երբ մարդ իր կուրծքը կը ծեծէ, այդ կը նշանակէ թէ կ՛ընդունի իր յանցանքները եւ ինքզինք կը հպատակեցնէ Աստուծոյ. Հայ ծէսին մէջ այս նշանը կը կատարուի հաղորդութենէն անմիջապէս առաջ, որպէս արտաքին նշան մը զղջումի մեջքերուն վրայ։

Վարդապետը ինք եւս կ՛ընէ նոյն նշանը պատարագի ընթացքին. Ամէն անգամ որ կ՛արտասանէ Խոստովանիմ-ը, իր կուրծքը կը ծեծէ. Կուրծքը սրտի պատսպարանն է, եւ երբ մեր կուրծքը կը բախենք, կ՛ուզենք ըսել թէ սրտանց կը զղջանք մեր գործած յանցանքներուն համար. Արտաքին ձեւերը կ՛օգնեն աւելի լաւ հասկնալու համար ներքին զգացումները եւ նաեւ աւելի ջերմեռանդ կերպով աղօթելու համար։

Աւետարանին մէջ կ՛ըսուի թէ պիտի գան հրեշտակները եւ պիտի հաւաքեն ընտրեալները աշխարհի չորս ծագերէն. Որո՞նք են ընտրեալները. Աստուածային ընտրութիւնը յայտնի կ՛ըլլայ ամէն մէկուն վրայ իր տուած շնորհքով։ Սակայն Աստուած չէ զրկած որեւէ մէկը իր ընտրութենէն. Այնպէս ինչպէս սերմնացանը, Յիսուսի պատմած առակին մէջ` ամէն տեղ կը նետէ ցորենի հատիկները, Աստուած ալ ամէն մարդու կը բաշխէ իր շնորհքը. Սակայն, ինչպէս որ կը տեսնենք առակին մէջ, ոմանք կ՛ընդունին այդ խօսքն ու շնորհքը եկած Աստուծմէ, ուրիշներ կարեւորութիւն չեն տար անոր, իսկ ոմանք ալ բոլորովին կը մերժեն զայն ընդունիլ։

Մեզմէ ամէն մէկու կ՛իյնայ կատարել մեր ընտրութիւնը` մտնելու ընտրեալներու խումբին մէջ. Ուստի ի վերջոյ ընտրութիւնը Աստուած չէ որ կը կատարէ, այլ մենք զայն կ՛ընենք, մեր ազատ կամքովը, համապատասխանելով Աստուծոյ շնորհքին։ Ուրիշ ճար չունինք. Կամ կ՛ընդունինք, կամ կը մերժենք. Եւ այս մեր որոշումն է որ Աստուծոյ կողմէ ձրիօրէն մեզի ընծայուած փրկութիւնը կը պայմանաւորէ։

Թզենիին օրինակը կու տայ Քրիստոս բոլոր անոնց որոնք գիտեն երեւութաբա-նութիւնը եւ կրնան գուշակել գալիք օդը կամ կլիման բնութեան տարրերէն։ Մեզ շրջապատող բնութիւնը մեզի նշաններ կ՛ընէ եղանակներու փոփոխութեան առիթով. Ծառերու տերեւներէն, ծաղիկներու բացուելէն, պտուղներու հասնելէն` կրնանք զանազանել տարւոյն մէկ եղանակը միւսէն։ Նոյնպէս ալ` երբ արտաքին նշաններ մեզի ցոյց կու տան թէ կարեւոր ու կենսական որոշում մը պէտք է առնել, իմաստ մը տալու համար մեր կեանքին, պէտք չէ տարակուսիլ, Աստուած է որ կը ղրկէ այդ նշանները որպէսզի հասնինք հոն ուր իր շնորհքը մեզի կը սպասէ. Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.