2017-09-29 12:04:00

Տօն Սրբոց հրեշտակապետաց՝ Միքայէլի, Գաբրիէլի ու Ռաֆայէլի։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ՝ 29 Սեպտեմբերին լատին եկեղեցին կը յիշատակէ Սրբոց հրեշտակապետներու՝ Միքայէլի, Գաբրիէլի ու Ռաֆայէլի տօնը։ Գաբրիէլ հրեշտակապետը Վատիկանի ձայնասփիւռի պաշտպան սուրբն է։ Այս առթիւ Ռատիովատիկանի  ընտանիքը   մասնակցեցաւ Վատիկանի հաղորդակցութեան միջոցներու քարտուղարութեան կառավարիչ՝ Գերապայծառ Վիկանոյի, Սանթա Մարիա ալլա Թրասփորթինա եկեղեցւոյ մէջ մատուցած սուրբ պատարագի արարողութեան, որուն առթիւ ան տուաւ օրուան պատգամը ու պատգամին մէջ ըսաւ. «Այս տօնը մասնաւոր նշանակութիւն ունի հաղորդակցութեան միջոցներուն համար, որովհետեւ Գաբրիէլ հրեշտակապետը նկատուած է այդ միջոցներու պաշպանը»։

Գերապայծառ Վիկանօ նախ բացատրեց թէ Սուրբ Գիրքը եւ եկեղեցւոյ սովորութիւնը հրեշտակներու մասին մեզի կը սորվեցնեն, թէ հրեշտակը արարած մըն է, որ Աստուծոյ առաջ կը գտնուի եւ իր ամբողջ էութիւնը ուղղուած է դէպի Աստուած։ Նկատի առնելով հրեշտակապետներու անուան «էլ» մասնիկը, որ կը նշանակէ Աստուած, կը տեսնենք թէ Աստուծոյ անունը անոնց բնութեան մէջ տպաւորուած է։

Հրեշտակները բնորոշող երկրորդ երեւոյթն է անոնց պատգամաւորի դերը։ Անոնք Աստուած եւ Աստուծոյ պատգամը կը բերեն մարդոց, անոնք կը ճեղքեն երկինքը եւ անսահմանին հորիզոնը կը մօտեցնեն մարդոց։ Որովհետեւ անոնք տեւապէս Աստուծոյ մօտ են, մօտ են նաեւ մարդ արարածին։

Մեր կոչումն է ըլլալ «հրեշտակ» ուրիշներուն համար, որովհետեւ կեանքը պայքար մըն է, ըսաւ Գերպ. Վիկանօ։ Սակայն, յիշելով Յայտնութեան գրքի խօսքերը, ան ապահովեցուց, թէ յաղթանակի պատգամը մեզ կը մխիթարէ (հմմտ Յայտ ԺԲ. 10)։

Հաղորդակցութեան միջոցներու քարտուղարութեան կառավարիչը  մատնանշեց ապա օրուան Սուրբ Աւետարանի հատուածին, որ կը հաստատէ, թէ Յիսուս է, որ մեզ կʼառաջնորդէ դէպի Հայրը։ Հետեւաբար պէտք է մեր նեղութիւններուն եւ տառապանքին մէջ լուսաւորուինք Աստուծմէ եկած ճշմարտութեամբ, ըսաւ Ան, եւ ըլլանք վկաներ Անոր անսահման սիրոյն։

Գերպ. Վիկանօ նկատեց, թէ միշտ պէտք է գիտակցինք հրեշտակներու ներկայութեան, անոնց դիմենք աղօթքով, որպէսզի մեզի յիշեցնեն Աստուծոյ ներկայութիւնը, մեզի նեցուկ կանգնին չարին դէմ մղած մեր պայքարին մէջ, եւ մեզ ապահով կերպով առաջնորդեն մեր կեանքի ճանապարհին վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.