2017-09-29 13:15:00

Մեսրոպեան Վարժարանին մէջ զետեղուեցաւ Տիրամօր արձան


2017-ի Սեպտեմբերի 28ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի Ֆարաճեան հանդիսասրահի մուտքին տեղի ունեցաւ բացումն ու օրհնութիւնը վարժարանի նախկին ուսուցչուհի, վաղամեռիկ տիկին Շողիկ Հանտեան Խաչերեանի յիշատակին նուիրուած Տիրամօր արձանին: Ներկայ էին հանգուցեալին հարազատները, Մեսրոպեանի ուսուցչական կազմի անդամներ եւ աշակերտներ:

Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ ըսաւ, որ Տիկին Շողիկին յիշատակը անմեռ պիտի մնայ բոլորի սրտերուն մէջ, որպէս նուիրեալ ուսուցչուհի եւ անկեղծ գործընկեր: Ան դիտել տուաւ, որ հանգուցեալը կը յատկանշուէր ոչ միայն իր դասաւանդած նիւթին մասին խոր գիտելիքներով եւ իմացութեամբ, այլ նաեւ այդ բոլորը ապրումով եւ պատասխանատուութեամբ աշակերտներուն փոխանցելու ամուր ոգիով: Պարոն Գալուստ յայտնեց, որ այսուհետ Մեսրոպեան վարժարանին մէջ հայերէնի մրցանքն ու պարգեւը պիտի կրեն Տիկին Շողիկ Հանտեան Խաչերեանի անունը, այդպիով յարգանի տուրք մատուցելով անոր յիշատակին ու վաստակին: Ան շեշտեց, որ աշակերտները իրենց տարաբախտ ուսուցչուհիին անունը կրնան յաւերժացնել հաւատարիմ մնալով հայերէնին եւ հայկական ինքնութեան նկատմամբ անոր ունեցած խանդին եւ հաւատքին:

Մեսրոպեանի հոգեւոր տեսուչ Տէր Ռաֆֆի քհն. Յովհաննէսեան շեշտեց, որ տուեալ պահուն Տիրամօր արձանը չէ, որ ենթակայ է օրհնութեան եւ պաշտամունքի, այլ այն խորհուրդն ու կեանքի օրինակը, զոր ան կը ներկայացնէ: Ապա ան, ընկերակցութեամբ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ փոխ ժողովրդապետ Հայր Ղազար վրդ. Պետրոսեանի, կատարեց արձանին օրհնութիւնը, որ եզրափակուեցաւ Տէրունական աղօթքի հաւաքական կատարումով:

Խօսք առաւ հանգուցեալին եղբայրը՝ պարոն Յակոբ Հանտեան, որ հարազատներուն անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Մեսրոպեանի ընտանիքին, մեծ կորուստի կսկիծին մէջ իրենց կողքին կանգնած ըլլալուն եւ Տիկին Շողիկին վաստակը այսպիսով արժեւորած ըլլալուն համար:

 Տեղեկատուական գրասենեակ  Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի








All the contents on this site are copyrighted ©.