2017-09-29 07:49:00

Կարդինալ Ֆիլոնի աւարտեց Ճափոն կատարած առաքելութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Հաւատոյ Ժողովի կառավարիչը՝ Կարդինալ Ֆերնանտօ Ֆիլոնի աւարտելով Ճափոն կատարած մէկ շաբթուայ առաքելութիւնը վերադարձ կատարած է Վատիկան։

Նշենք թէ 127 միլիոն բնակչութիւն ունեցող Ճափոնի մէջ կ՛ապրին 550 հազար կաթողիկէներ եւ իր այս առաքելութեան ընթացքին Կարդինալ Ֆիլոնի այցելեց երկրին գրեթէ բոլոր տեղական կաթողիկէ եկեղեցիները հանգրուան կատարելով Ֆուքուոքա, Նակազակի, Հիրոշիմա, ուր յարգանքի տուրք մատոյց հիւլէական ռումբի Խաղաղութեան յուշահամալիրին մէջ, անցնելով ապա Օզաքա, Սենտայ հուսկ Թոքիօ։

Ռատիովատիկանի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Կարդինալ Ֆիլոնի խօսեցաւ Ճափոնի մէջ կաթողիկէութեան ապրած  դժուարութիւններու ու նաեւ  կարողականութեան մասին, ուր դիտել տուաւ ծիրանաւորը, «Կաթողիկէ կրօնքը տակաւին համարուած է որպէս «օտար կրօնք»։ 

Հաւատոյ Ժողովի կառավարիչը ապա անդրադարձ կատարեց Ճափոնի մշակոյթի մասին, անցեալի զինուորական վարչակարգի թողած վէրքերու մասին, մարդ անհատի ընկերութեան մէջ դերակատարութեան մասին,  ինչպէս նաեւ  Հիւսիսային Քորէայի սպառնացած հիւլէական յարձակումին ի տես Ճափոնցիներու ապրած վախի մասին, ընդգծելով թէ ինչպէս «խաղաղութեան խթանումի» իղձը խիստ խարսխուած է բնակչութեան  մէջ։ 

Զրոյցի ընթացքին Կարդինալ Ֆիլոնի նշեց նաեւ թէ ինք վկայ դարձաւ եկեղեցւոյ մը՝ որ յանձնառու ու մօտիկ է մանուկներուն ու տարեցներուն, յատկապէս այն վայրերուն մէջ որոնք թիրախ  են «Թսունամիին» ապա եկեղեցւոյ մը՝ ուր կարիքը կայ «աւետարանող մտայնութեան» մը, այնպէս ինչպէս յորդորած է Ֆրանչիսկոս Պապը։  








All the contents on this site are copyrighted ©.