2017-09-29 08:17:00

Գերապայծառ Կալլակըր. Մարդկային էակներու վաճառքը կը մնայ անպատիժ


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի արտաքին գործոց նախարար, Արքեպիսկոպոս Փօլ Ռիչըրտ Կալլկըր, հինգշաբթի 28 սեպտեմբերին, ՄԱԿի կենդրոնին մէջ, լիագումար նիստի ընթացքին կոչ ուղղած է բոլոր երկիրներուն որ լրջօրէն քննարկեն մարդկային էակներու վաճառքի ազդակները, ըսելով՝ «Պէտք է քննարկել մշակութային ազդակները, որոնք արմատն են մարդկային էակներու եւ յատկապէս կիներու եւ մանուկներու չարաշահումի բոլոր ձեւերուն»։

Ապա Արքեպիսկոպոսը թուած է այդ չարաշահումի զանազան երեւոյթները։

2010 թուականին ՄԱԿի անդամ երկիրները մարդկային վաճառքի դէմ պայքարելու ծրագիր որդեգրած են։ Գերապայծառ Կալլկըր ըսած է, թէ «միջազգային ջանքերը պէտք է համապատասխանեն խնդրի էութեան։ Այսօր 2030ի Կայուն Զարգացումի ծրագրին 169 կէտերէն երեքը կը հային մարդկութեան դէմ գործուած յիշեալ ոճիրին։»

Ի տես «մարդկային էակներու վաճառքի ընկերային, տնտեսական, քաղաքական եւ մշակութային պատճառները յայտնաբերելու աչքառու յառաջդիմութիւններուն» պէտք է նկատի ունենալ նաեւ «խոցելիութեան ազդակներու վատթարացումը, ինչպէս զինեալ հակամարտութիւններ, որոնց հետեւանքով մէջտեղ կու գան բռնագաղթեր եւ փախստականներու տագնապ։»

Գերապայծառ Կալլակըր յիշած է որ թէեւ յիշեալ պայքարի մէջ կատարուած են յառաջդիմութիւններ, սակայն ոճիրները կը մնան յոյժ անպատիժ։ Ասոր համար ան կը յորդորէ, որ պետութիւններ եւ կառավարական կազմակերպութիւններ, ուսումնական հաստատութիւններ եւ լրատուամիջոցներ, քաղաքացիական ընկերութիւն եւ անհատական հատուածներ համագործակցաբար գործունեայ կերպով նպաստեն յիշեալ պայքարին։

Արքեպիսկոպոս Կալլակըր ՄԱԿի կենդրոնի մէջ այլ նստի մը ընթացքին խօսած է նաեւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ այլ կրօնական կազմակերպութիւններու միջեւ կայացած նշանակալից համագործակցութեան մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.