2017-09-28 17:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը՝ Մինսքի մէջ գումարուած Եւրոպայի եպիսկոպոսներուն խորհուրդի ժողովի մասնակիցներուն


(Ռատիօ Վատիկան) Պիելոռուսիոյ մայրաքաղաք Մինսքի մէջ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով  կը գումարուի  Եւրոպայի  եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի խորհուրդի ընդհանուր նիստը։ Ժողովի վայրի որոշման նպատակն է հանդիպիլ երկրի  կաթողիկէ հասարակութեան հետ եւ անոնց հետ միասին նշել Պիեոլռուս լեզուով  թարգմանուած ՝ առաջին  Սուրբ Գիրքի հրատարակման 500 ամեակը։ 

Ժողովին  արծարծուելիք  կեդրոնական նիւթեր են , ի պատրաստութիւն յառաջիկայ 2018-ին, Վատիկանի մէջ գումարուելիք Եպիսկոպոսական ընդհանուր ժողովին, երիտասարդներուն իրավիճակը անոնց փափաքները, կարիքները, վախերը , ակնկալիքները ու յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ  ժամանակակից աշխարհի մարտահրաւէրները։

Ժողովի քննարկուելիք նիւթն պիտի ըլլայ նաեւ Եւրոպական հասարակաց տան կառուցման շրջագիծէն ներս եկեղեցւոյ առաքելութիւնը  ու անոր ներդրումը։ Վերոնշեալ եպիսկոպոսաց ժողովին առթիւ,Վատիկանի Պետական քարտուղար՝ կարդինալ Փիեթռօ Փարոլին, յանուն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, պատգամ մը յղեց Եւրոպայի եպիսկոպոսաց դասի խորհուրդի նախագահ՝ կարդինալ Անճելօ Պանիասքոյին, որուն մէջ գրած է.

Ֆրանչիսկոս Պապ կ՛ ողջունէ  ապա կը քաջալերէ ժողովական հայրերը  յարատեւելու  իրենց յոյժ կարեւոր աշխատանքին մէջ, որուն նպատակն  է բնորոշել, զանազան երկիրներու միջեւ հովուական ծառայութեան համագործակցութեան ուղեգիծերը,  արժէքաւորելով տարբերութիւնները, ինչպէս նաեւ զարգացնելով աջակցութեան եւ եղբայրութեան նախաձեռնութիւնները։ ։ 

Նորին Սրբութիւնը կը մաղթէ, որ սոյն հանդիպումը նպաստէ Եւրոպային եպիսկոպոսներու միջեւ միութեան եւ հաղորդութեան կապերու ամրապնդման,  նոր սլացք տալով Եւրոպայի  մէջ եկեղեցւոյ առաքելութեան,  յատկապէս երիտասարդներուն նկատմամբ, որպէսզի երիտասարդները  հաւատքի լոյսին ներքոյ, կարենան բացայայտել իրենց յատուկ կոչումը Քրիստոնեայ  հասարակութեան եւ ընկերութեան մէջ։  

Պատգամին աւարտին կարդինալ Փարոլին գրած է, որ Ֆրանչիսկոս Պապ եպիսկոպոսներէն կը խնդրէ, որ շարունակեն աղօթել իրեն համար ապա  բոլորին կը շնորհէ առաքելական օրհնութիւնները։  








All the contents on this site are copyrighted ©.