2017-09-28 12:34:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 28 սեպտեմբերի քարոզը՝ խղճի խայթը Փրկութեան նշան է


(Ռատիօ Վատիկան) «Երբեք վախ չունենալ ճշմարտութիւնը ըսելէն» ճանչնալով մեր մեղքերը ու զանոնք խոստովանելով Տիրոջ, որպէսզի մեզի ներում շնորհէ»։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին, հինգշաբթի, 28 սեպտեմբեր 2017-ի՝ առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին յորդորը , ուր ան՝ խորհրդածելով Ղուկաս Աւետարանիչէն  քաղուած սուրբ գրային ընթերցումին վրայ, մեկնաբանեց այն հատուածը որ կը խօսի Հերովդէսի Յիսուսի նկատմամբ ունեցած վերաբերմունքի մասին։

Նորին Սրբութիւնը յիշեց, թէ ինչպէս շատեր կը կարծէին թէ Յիսուս ըլլար մարգարէներէն մին, Եղիան եւ կամ Յովհաննէս Մկրտիչը եւ այստեղէն  մեկնելով մատնանշեց,  թէ Հերովդէս լաւապէս ծանօթ էր Յիսուսի գործունէութեան եւ մի գուցէ խղճի խայթ ունէր եւ այդ խղճի խայթէն մղուած Յիսուսը յանձնեց Պիղատոսին, որ զայն մահուան դատապարտեց։ «Առ այդ Հերովդէս խղճի խայթէն մղուած ոճիր մը ծածկեց այլ ոճիրով, ու խղճի խայթը միայն անցեալի յիշողութիւնը չէ, այլ վէրք մըն է» հաստատեց Նորին Սրբութիւնը, «թաքնուած վէրք մը, որուն շատ անգամ վարժ կը դառնանք ու միայն երբ այդ վէրքը ցաւ կը պատճառէ, խղճի խայթ կ՛ունենանք, որովհետեւ այդ ցաւը կը զգանք մեր սրտին մէջ, մեր մարմնին վրայ ու մեր հոգիին մէջ, ինչ որ մեզ փորձութեան կը մղէ՝ զայն ծածկելու, որպէսզի այլեւս ցաւ չի պատճառէ մեզի»։

Ուրեմն՝ ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, զգալ որ մեր խիղճը մեզ կը մեղադրէ շնորհք մըն է, եւ ըլլալով ամէնքս մեղաւորներ հարկաւոր է դիմել Տիրոջ ու անորմէ հայցել որ գթայ մեր վրայ ու ներէ մեզ՝ վստահ ըլլալով, որ Տէրը մտիկ կ՛ընէ մեր աղօթքին ու կը պասէ մեր դարձին։

Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզը եզրափակեց հրաւիրելով վախ չունենալ խղճի խայթէն, որովհետեւ, ըսաւ ան, անիկա փրկութեան նշան է։ Վախ ունեցէք այդ խղճի խայթը ծածկելէն,  յարեց Սրբազան Քահանայապետը, ու հայցեց Տիրոջ շնորհքը՝ որպէսզի մեզի պարգեւէ  քաջութիւնը մենք զմեզ մեղադրելու ու քալելու ներումի ճանապարհին վրայ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.