2017-09-28 08:16:00

28 օգոստոսին, կը յիշատակուի Յովհաննէս Պօղոս Ա. Քահանայապետի մահուան 39-րդ տարեդարձը։


(Ռատիօ Վատիկան)  Աւազանի անունով Ալպինօ Լուչինաի՝ Յովհաննէս Պօղոս Ա Քահանայապետը ծնած էր  17 հոկտեմբեր 1912-ին, Իտալիոյ  Պելլունօ քաղաքի Քանալէ Տ՛ակորտօ գիւղին մէջ։  Ան Քահանայապետ ընտրուած է  26 օգոստոս 1978-ին, յաջորդելով Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ-ին։ Յովհաննէս Պօղոս անունը կ՛ընտրէ ի յիշատակ իրեն նախորդ երկու քահանայապետերուն՝ Յովհաննէս ԻԳ եւ Պօղոս Զ, որ իր մահկանացուն կնքած էր Յովհաննէս Պօղոս Ա-ի ընտրութենէն 20 օր առաջ։

Յովհաննէս Պօղոս Ա-ի Քահանայապետութիւնը պատմութեան ամենակարճ քահանայապետութիւններէն մին է ու տեւած է միայն 33 օր։ Արդարեւ 1978-ի սեպտեմբեր 28-ի առաւօտեան, անոր մարմինը կը գտնուի անշունչ` իր ննջասենեակի անկողինին վրայ։

''Urbi et Orbi'' Հռոմ Քաղաքի ու Համայն Աշխարհին ուղղած իր միակ պատգամին մէջ, Ան հաստատած էր թէ Եկեղեցւոյ առաջին պարտականութիւնը կը մնար աւետարանումը ու յորդորած էր յարատեւել համամիութեան ճանապարհի վրայ։

Շատ կարճ տեւած քահանայապետութեան շրջանին Յովհաննէս Պօղոս Ա գլխաւորած է չորս հրապարակային ունկնդրութիւններ որոնց ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութիւններու մէջ անդրադարձած է խոնարհութեան, հաւատքի, յոյսի ու սիրոյ մասին, նիւթերը ներկայացնելով շատ պարզ ու հասկնալի ձեւով, ի յայտ դնելով իր կրօնուսոյցի տաղանդն ու առաքելութիւնը։

10 սեպտեմբեր 1978-ին լրագրողներու միջազգային  ընտանիքի ներկայացուցիչներուն հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին յորդորած էր «մօտիկ ըլլալ իրենց նմաններուն, մօտէն հասկնալ անոնց արդարութեան, խաղաղութեան ու եղբայրութեան իղձերը ու անոնց հետ հաստատել մասնակցութեան, ու զօրակցութեան կապեր, աւելի արդար ու մարդկային աշխարհի մը ի սպաս»

Յովհաննէս Պօղոս Ա ճանչցուած էր որպէս ''խոնարհ քահանայապետ'', ''կրօնուսոյց քահանայապետ'' եւ որպէս ''աշխարհի ժողովրդապետ''։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.