2017-09-28 09:45:00

Հայաստանի անկախութեան տարեդարձի առիթով ընդունելութիւն՝ Հայաստանի դեսպանատան մէջ


Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան կազմակերպութեամբ, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տարեդարձի առիթով Շաբաթ, 23 Սեպտեմբերին «Քեմփինսքի Սամըրլենտ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն, որուն ներկայ էին Լիբանանի հանրապետութեան նախագահի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետի, արտաքին գործոց նախարարի, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնի, պաշտպանութեան նախարարի ներկայացուցիչները, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ՝ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը, երեսփոխաններ, դեսպաններ, պետական եւ զինուորական անձնաւորութիւններ, հոգեւոր պետեր, կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, հիւրեր:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ բացումը կատարուեցաւ ձեռնարկին:

Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան անունով բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Միրա Եարտըմեան: Ան ողջունեց բոլորին ներկայութիւնը Հայաստանի անկախութեան  26ամեակին նուիրուած ձեռնարկին, ապա նշեց, որ մինչ Հայաստանն ու աշխարհասփիւռ հայութիւնը կը նշեն անկախութան տարեդարձը, Հայաստանի եւ Լիբանանի հանրապետութիւնները կը նշեն երկու պետութիւններուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25ամեակը, որ կը դրսեւորուի քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, գիտական բնագաւառներու փոխշահաւէտ համագործակցութեամբ:

Ելոյթ ունեցաւ Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտ-չեան, որ ըսաւ, թէ ներկայիս Հայաստան կ՛երթայ դէպի նշանակալից քաղաքական փոխակերպում՝ նախագահական հանրապետութենէն անցում դէպի խորհրդարանական հանրապետութիւն: Դեսպանը նշեց նաեւ, որ այս նոր իրականութիւնը կը պահանջէ փոփոխութիւններ գոյութիւն ունեցող օրէնսդրութեան, չափորոշիչներու եւ հաստատութիւններու մէջ: Քաղաքական համակարգի վերակառուցման առաջնային նպատակը զայն աւելի համապարփակ ու մասնակցային դարձնելն է, ինչպէս նաեւ ամրապնդել պատասխանատուութիւնը իշխանութեան տարբեր ճիւղերուն միջեւ: «Ի վերջոյ այս բոլորը դիւրաւարտ յանձնարարութիւններ չեն, բայց իբրեւ առաջնորդ ունինք կամքն ու տեսլականը», ըսաւ ան:

Դեսպանը նշեց նաեւ, որ Հայաստանի նոր կառավարութիւնը անխոնջ աշխատանք կը տանի բարելաւելու գործարար միջավայրը՝ պարզացնելով տուրքերը եւ մաքսային ընթացակարգերը: Ան յայտնեց նաեւ, որ արտաքին քաղաքական ասպարէզին մէջ Հայաստան հաւատարմօրէն պիտի շարունակէ իր ռազմավարական եւ դաշնակցային փոխադարձ յարաբերութիւնները Ռուսիոյ հետ՝ նոյն ատեն կառուցելով վստահելի գործընկերութիւն Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան հետ: Ան ըսաւ, որ Հայաստան շուտով պիտի ստորագրէ համապարփակ եւ ընդլայնուած գործակցութեան համաձայնագիր Եւրոպական Միութեան հետ՝ բարձրացնելով համագործակցութիւնը նոր մակարդակի: Դեսպանը ըսաւ. «Միջին Արեւելքի յեղաշրջումները եւ անոնց ծանր ազդեցութիւնը հայ հասարակութեան ճակատագիրին վրայ կը մնան մեր կեդրոնական մտահոգութիւնը: Պատրաստ ենք միջազգային հասարակութեան հետ կատարելու այն, ինչը անհրաժեշտ է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու»:

Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան յայտնեց նաեւ, որ Մարտ 2017ին նշուած է 25ամեակը Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման:

Խօսքի աւարտին ան գնահատեց լիբանանեան բանակին բարձր արհեստավարժութիւնն ու նուիրուածութիւնը եւ ըսաւ. «Կը սգանք Լիբանանի անվտանգութեան եւ կայունութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած զինուորներուն մահը: Միշտ եւ բոլոր պարագաներուն պատրաստ ենք աջակցութեան ձեռք երկարելու»:

Աւարտին դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան պատուոյ հիւրերուն հետ միասնաբար հատեց անկախութեան վերականգնման 26ամեակին առիթով պատրաստուած կարկանդակը:








All the contents on this site are copyrighted ©.