2017-09-27 09:53:00

«Իրաքի Քրտական մարզի հանրաքուէն միակողմանիօրէն եւ վիճելի տարածքներու մէջ կատարուեցաւ»


ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես յայտնեց, որ Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի անկախութեան հանրաքուէն կատարուեցաւ վիճելի տարածքներու, մասնաւորաբար Քերքուքի մէջ, ինչ որ կը քայքայէ կայունութիւնը:

«Հանրաքուէն միակողմանիօրէն յայտարարուեցաւ եւ ներառեց փեշմերկաներու վերահսկողութեան տակ գտնուող վիճելի տարածքները, ինչպէս նաեւ ընդդիմութեան արժանացած էր իրաքեան սահմանադրական իշխանութիւններուն, դրացի երկիրներուն եւ միջազգային ընտանիքին կողմէ», ընդգծեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը:

Ան ցաւ յայտնեց, որ այս քայլին ձեռնարկելէ առաջ առիթը չէ օգտագործուած Իրաքի կառավարութեան եւ Քրտական ինքնավար մարզին միջեւ առկախ հարցերուն շուրջ` Իրաքի սահմանադրութեան հիմամբ եւ գործընկերութեան ու փոխադարձ յարգանքի ոգիով լուրջ բանակցութիւններ կատարելու:








All the contents on this site are copyrighted ©.