2017-09-26 07:59:00

Երեւանի մէջ բացուած է գրատպութեան թանգարան


Հայաստանի ազգային գրադարանի թամանեանական մասնաշէնքին մէջ այսօր բացուած է Գրատպութեան թանգարան, որ կը ներկայացնէ հայ տպագրութեան անցած ճանապարհը, կը հաղորդէ Մեդիամաքսը:

Թանգարան հիմնելու գաղափարը ծնած էր դեռ 2012-ին, երբ կը նշուէր Հայ գրատպութեան 500-ամեակը եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն Երեւանը հռչակած էր Գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք:

Թանգարանի բացմանը ներկայ էր մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան:

Վեց ցուցասրահներու մէջ ներկայացուած են նախագրային շրջանէն մինչեւ ժամանակակից տպագրութիւն ուղին: Մեծ ցուցասրահ յատկացուած է հայ գրատպութեան «առաջնեկներուն». այցելուները կրնան տեսնել 1512 թուականին Վենետիկի մէջ հրատարակուած հայատառ առաջին գիրքը` «Ուրբաթագիրք»-ը, առաջին Աստուածաշունչը` լոյս տեսած 1666-ին Ամսթերտամի մէջ, առաջին ամսագիրը` Մադրասի մէջ տպագրուած «Ազդարար»-ը: Ներկայացուած է նաեւ ամբողջութեամբ հայատառ առաջին քարտէզը` «Համատարած աշխարհացոյց»-ը:

Թանգարանին մէջ կը ներակայցուին հայկական գրատպութեան խոշոր կեդրոնները:

Եւրոպական երկիրներու, Անդրկովկասոի, արեւելքի, պատմական Հայաստանի տարբեր քաղաքներու մէջ տպարաններ կը բացուէին, հայերէն տառեր կը ձուլուէին ու գիրքեր կը հրատարակէին:

«Կարեւոր ցուցանմուշ ունինք: 1848 թուականին Շամախի` ներկայիս Ատրպէյճանի տարածքին մէջ, երեք հայ ընկերները տպարան հիմնած են: Առաջին հրատարակութիւնը չունինք, բայց կայ 1851 թուականին տպագրուած «Գիտութիւն շնորհաց»-ը: Այդ տպարանին մէջ բաւակ շատ հայերէն գիրքեր տպագրուած են»,- ըսած է Ազգային գրադարանի փոխտնօրէն Հայկանոյշ Ղազարեանը:

Սրահներէն մէկուն մէջ ներկայացուած են գրահրատարակչական արհեստագիտական միջոցներու զարգացման փուլերը` տպագրական հաստոցներէն մինչեւ ժամանակակից կրիչ սարքերը:

«Տպագրական երկու եզակի մեքենայ ունինք, մօտ 100 տարեկան են` մէկը արտադրուած է Խորհրդային Միութեան մէջ, միւսը գերմանական է: Մեր տպարաններէն ձեռք բերած ենք, հազիւ կրցած ենք փրկել. որպէս մետաղի ջարդոն կ՛օգտագործեն»,- ըսած է Ազգային գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զարգարեանը:

Թանգարանին մէջ ցուցադրուած են նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի մամուլի եզակի նմուշներ, ազգային փոքրամասնութիւններու` Հայաստանի մէջ տպագրուող մամուլի օրինակներ:

Ցուցանմուշներու հիմնական մասը վերցուած է հայատառ տպագիր նիւթի ամենամեծ պահոցի` Ազգային գրադարանի հաւաքածոներէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.