2017-09-26 11:47:00

«Միջին արեւելքի քրիստոնեաները-երկու հազար տարի պատմութիւն» խորագիրով Փարիզի մէջ ցուցահանդէս։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 25 սեպտեմբեր 2017-ին, Ֆրանսայի մայրաքաղաք՝ Փարիզի մէջ,  Փարիզի «Արաբական աշխարհ» հաստատութենէն ներս բացումը կատարուեցաւ «Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաները- երկու հազար տարի պատմութիւն» խորագիրով ցուցահանդէսին, կազմակերպութեամբ Արաբական աշխարհ հաստատութեան եւ համագործակցութեամբ Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներուն սատար հանդիսացող   «Oeuvre d’Orient» բարեգործական ընկերակցութեան։

Բացման արարողութեան ներկայ եղած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնն ու Լիբանանի նախագահ Միշել Աունը: 

Ցուցահանդէսին,  ցուցադրուած են  փաստաթուղթեր եւ իրենց տեսակին մէջ անտիպ հնաւուրց գործեր, որոնք կը վկայեն եւ կը պատմեն տարածաշրջանին մէջ  հազարամեայ քրիստոնեաներուն ներկայութիւնը ինչպէս նաեւ դարերու հոլովոյթին արաբական աշխարհէն  ներս մշակութային, քաղաքական  ու մտաւոր  ասպարէզներէն ներս Քրիստոնեաներուն  բերած նպաստի մասին։։

Այս առընչութեամբ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի դիւանապետ Յովնան Պաղտասարեան ֆէյսպուքեան իր էջին մէջ գրած է, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանը ցուցահանդէսին ուղարկած է 14-րդ դարու երկու ձեռագիր եւ 1798 թուականի խորանի վարագոյր մը: Ցուցահանդէսին անդրադարձ կայ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան` նկարներու միջոցով ներկայացնելով հայերու հաստատումը Սուրիոյ եւ Եգիպտոսի մէջ:

Նշենք, նաեւ թէ ցուցահանդէսին բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ, ի մէջ այլոց,  Հայ Կաթողիկէ  եկեղեցւոյ Պէյրութի Պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոսը՝ Արհ Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.