2017-09-25 11:01:00

Վատիկանի Ոստիկանութիւնը տօնեց հաստատութեան 201-ամեակը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի, Սեպտեմբեր 24ին, Վատիկանի Ոստիկանութիւնը Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Վատիկանի Պարտէզին մէջ գլխաւորած Սուրբ պատարագի արարողութեամբ տօնախմբեց հիմնադրութեան 201 ամեակը։

Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը մեկնաբանեց օրուան Աւետարանը ուր Յիսուս առակով մը կը ներկայացնէ Երկնքի թագաւորութիւնը որպէս տանտէր մը՝ որ առաւօտ կանուխէն դուրս կու գայ իր այգիին համար աշխատաւորներ վարձելու համար ու զանոնք  գտնելէ ետք կը համաձայնի մէկ դահեկան վարձատրութեամբ։ Տանտէրը ապա կրկին անգամ դուրս կու գայ ու կը գտնէ այլ աշխատաւորներ զանոնք եւս ուղարկելով իր այգիին մէջ աշխատելու ապա երեկոյեան նոյնպէս կը գտնէ ուրիշներ ու անոնց հետ եւս կը համաձայնի իրենց արդար վարձատրութիւնը տալ օրուան աւարտին։

Յիսուս, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, միշտ դուրս կու գայ մեզ փնտռելու համար, ան երբեք չի յոգնիր տիւ եւ գիշեր։  Աստուծոյ սէրը մեզի հանդէպ անառակ որդիի նկատմամբ ունեցած սէրն է։ Մեր Աստուծոյն սիրտը միշտ բաց է մեզ ընկալելու, դիտել տուաւ Նորին Սրբութիւնը հաստատելով թէ ամէնքս կարիքը ունինք հանդիպելու Տիրոջ՝ որ մեզի ուժ կը ներշնչէ յառաջ երթալու համար, սակայն հարկաւոր է որ մենք ուշադիր ըլլանք, նկատելու համար անոր անցքը ապա թէ ոչ Ան կարող է անցնիլ մեր մօտէն ու մեզ կոչել սակայն մենք տարուբերուած այլ հարցերով  չի նշմարենք զինք։

«Խնդրենք շնորհքը վստահ ըլլալու թէ Տէրը մեզ կը սպասէ» յարեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապ, շնորհքը որ Ինք միշտ դռան մօտ է ու կը սպասէ որ մենք այդ դուռը բանանք։ Վախ չունենանք։ Անառակ որդին երբ կ՛ըսէր «հայր մեղանչեցի…», Հայրը զայն ողջագուրեց ու իր գրկին մէջ առաւ։ Ահա այս է որ մեզ կը սպասէ երբ մենք դուռը բանանք՝ Հօր Աստուծոյ ողջագուրումը, հաստատեց Քահանայապետը։

Վատիկանի Ոստիկանութեան 201-րդ տարեդարձին առթիւ Ոստիկանութեան հրամանատար, Տոմենիքօ Ճանի, Ռատիովատիկանի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատած է թէ իրենց գործը կը կայանայ ծառայութեան մէջ. ծառայութիւն Եկեղեցւոյ ու Սրբազան Պապին։

Ան ապա յիշեց Վատիկանի ոստիկանութեան ունեցած միջազգային կապերը, եւ այլ երկիրներու ոստիկանութիւններու հետ կատարուած համագործակցութիւնը։

Վատիկանի Ոստիկանութեան հիմնական պատասխանատուութիւնն է, պաշտպանութիւն եւ ապահովութեան երաշխաւորում։ Յատկապէս վերջերս՝ ահաբեկչական արարքներու սպառնալիքներու յաւելումին պատճառով, ոստիկանութիւնը աւելի սերտ համագործակցութիւն հաստատած է իտալական ոստիկանական զանազան բաժանմունքներուն հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.