2017-09-25 12:20:00

Միջազգային Քարիթասի ձեռնարկը՝ «Share the Journey –Բաժնեկցինք ճանապարհորդութիւնը»։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 27 սեպտեմբերին Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ տեղի կ՛ունենայ մամլոյ ասուլիս ներկայացնելու համար Միջազգային Քարիթասի «Share the Journey – Բաժնեկցինք ճանապարհորդութիւնը» բնաբանով միջազգային արշաւը, որուն նպատակակէտն է խթանել հանդիպումի մշակոյթը, գաղթականներու եւ ապաստանելներու հետ կիսելով անոնց ճանապարհորդութիւնը։ Սոյն քարոզարշաւին մեկնակը պիտի կատարէ պաշտօնապէս Ֆրանչիսկոս Պապը՝ 27 սեպտեմբերին կայացած հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին։

Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ելոյթ կ՛ունենան Մանիլայի Արքեպիսկոպոս ու Միջազգային Քարիթասի նախագահ՝ Կարդինալ Լուիս Անթոնիօ Թակլէ, Եթովպիայի Քարիթասի տնօրէն՝ Պեքելէ Մոկէս ու Միացեալ Նահանգներու Մեքսիքայի սահմանին մօտ գտնուող «Rio Grand Valley»ի «Catholic Charities» հաստատութեան տնօրէնուհի՝ Քոյր  Նորմա Փիմենթել։

Վերոնշեալ ձեռնարկի մեկնարկի առթիւ Կարդինալ Թակլէ՝ Ռատիովատիկանի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին հաստատած է թէ այդ ձեռնարկը նաեւ առիթ է յիշեցնելու՝ ոչ միայն քրիստոնեաներուն այլեւ համայն աշխարհին, թէ Տէրը իր սրտին մօտ ունի ամենաշատ թշուառները։

«Յիսուս ներկայ է պանդուխտին մէջ ու մեր պարտականութիւնն է հնազանդիլ Տիրոջ պատուէրին ընկալելով ու պաշտպանելով գաղթականներն ու խթանելով անոնց մարդկային համապարփակ զարգացումը, որովհետեւ անոնք թիւեր չեն այլ մարդ անհատներ», ըսաւ Կարդինալ Թակլէ դիտել տալով թէ գաղթականութեան երեւոյթը նորութիւն մը չէ ու թէ մարդկութեան պատմութիւնը պանդխտութեան պատմութիւն է ու թէ այս ուղղութեամբ հարկաւոր է աշխարհին յիշեցնել թէ գոյութիւն ունի մարդկայնութիւն մը որ կը հայի մարդ անհատի արժանապատուութեան, ինչպէս՝ հաւատարիմ Եկեղեցւոյ Ընկերային Ուսուցումին, մեզի կը յիշեցնէ Ֆրանչիսկոս Պապը որպէս կեդրոն ընտրելով միշտ մարդուն արժանապատուութիւնը։ 

Կարդինալ Թակլէ ապա հաստատեց թէ «Share the Journey –Բաժնեկցինք ճանապարհորդութիւնը» քարոզարշաւը կոչ մըն է դարձի ու մտայնութեան փոփոխութեան, որպէսզի երբ հանդիպինք գաղթականին հասկնանք թէ ան մեր եղբայրն ու քոյրն է ու անոր դիմագիծին մէջ տեսնենք մեր ծնողաց, եղբօր, հարազատի դիմագիծը…միայն այսպէսով կարելի է փոխել մտայնութիւնները ու այնպէս ընել որ պատնէշները փլուզուին ու կառուցուի խաղաղութիւնը հատատեց Միջազգային Քարիթասի նախագահ Կարդինալ Թակլէն։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.