2017-09-24 12:10:00

«Վերջինները պիտի ըլլան առաջին եւ առաջինները վերջին» Ֆրանչիսկոս Պապին Մարեմեան աղօթքը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի՝ 24 սեպտեմբերի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, ս. Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ,եւ  այս առթիւ ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան աւետարանական հատուածին վրայ որ քաղուած էր Մատթէոս Աւետարանիչէն (Գլ. 20, 1-16) ուր Յիսուս՝ գործաւորներ փնտռող տանտիրոջ առակով կը ներկայացնէ Երկնքի արքայութիւնը։

Յիսուս իր այս առակով կ՛ուզէ ներկայացնել երկնքի արքայութեան երկու երեւոյթներ, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, առաջինը՝ թէ Աստուած կ՛ուզէ բոլորը կանչել իր Թագաւորութեան մէջ աշխատելու համար, երկրորդը՝ թէ Ինք բոլորին կ՛ուզէ միեւնոյն վարձատրութիւնը տալ, այսինքն փրկութիւնը՝ յաւիտենական կեանքը։

Այգիին տանտէրը որ Աստուած կը ներկայացնէ, առաւօտ կանուխ դուրս կու գայ գործաւորներ վարձելու իր այգիին համար, ու զանոնք գտնելով կը   համաձայնի օրական մէկ դահեկանի վարձատրութիւնը։ Երրորդ ժամուն դարձեալ դուրս կ՛ելլէ ու կը տեսնէ ուրիշներ որ անգործ էին հրապարակի վրայ անոնց եւս կ՛ըսէ «դուք ալ գացէք իմ այգիս, ձեր արդար վարձքը կու տամ»։ Վեցերորդ եւ իններորդ ժամերուն եւս դուրս կ՛ելլէ ու գտնէ  այլ գործաւորներ ու զանոնք եւս կը ղրկէ իր այգիին մէջ աշխատելու։

Օրուան աւարտին տանտէրը կը հրամայէ բոլորը վարձատրել մէկ դահեկանով, նոյնիսկ անոնք որոնք միայն մի քանի ժամ աշխատած էին։ Բնականաբար առաւօտեան վարձուած գործաւորները կը սկսին բողոքել, որովհետեւ աւելի շատ աշխատած էին ու աւելին կ՛ակնկալէին, սակայն տանտէրը անոնց կը յիշեցնէ թէ անոնք ստացան համաձայնուած  վարձքը ու թէ եթէ ինք ուրիշներու հետ առատաձեռն կ՛ուզէ ըլլալ,  այս մէկը նախանձ պէտք չէ գրգռէ։

Իրականութեան մէջ այս տանտիրոջ «անարդարութիւնը» կը ծառայէ ունկնդրողին մէջ արթնցնելու հետաքրքրութիւն. Յիսուս արդարեւ չուզեր խօսիլ աշխատանքի ու արդար վարձատրութեան մասին, այլ Երկնքի Արքայութեան մասին, ու այս առակի պատգամը հետեւեալն է. Աստուծոյ Արքայութեան մէջ չկան անգործներ, բոլորն ալ կանչուած են իրենց սատարը տալու, ու բոլորին համար վերջաւորութեան կայ վարձատրութիւն որ կը բխի Աստուածային արդարութենէն – ոչ թէ մարդկային – ու այս վարձատրութիւնը փրկութիւնն է զոր Յիսուս Քրիստոս մեզի պարգեւեց իր մահով եւ յարութեամբ։ Փրկութիւն մը որուն մենք արժանի չենք այլ մեզի պարգեւուած է, որովհետեւ «վերջինները պիտի ըլլան առաջին եւ առաջինները վերջին» (Մատթ 20,16)։

Այս առակով, յարեց Սրբազան Քահանայապետը, Յիսուս մեր սրտերը կ՛ուզէ բանալ Հօր սիրոյ տրամաբանութեան որ ձրի ու վեհանձն է, ապա հրաւիրեց թոյլ տալ հրապուրուիլ Աստուծոյ մտածումներով ու Անոր ճանապարհներով, որոնք տարբեր են մեր մտածումներէն ու մեր ճանապարհներէն։

Մարդկային մտածումները յաճախ յատկանշուած են եսասիրութեամբ ու անձնական շահերով մինչ մեր խոչընդոտուած ճանապարհները կարելի չէ բաղդատել Տիրոջ ուղիղ ու լայն ճանապարհներուն հետ. Ան ողորմութիւնը կը գործածէ, կը ներէ առատաձեռնութեամբ ու լի է վեհանձնութեամբ ու բարութեամբ՝ որոնք յատկացուած են իւրաքանչիւրիս, Ան ապա բաց կը պահէ իր սիրոյ ու շնորհքի անծայրածիր տարածքները որոնք միակն են որ մարդու սրտին կարող են երջանկութիւն պարգեւել։  

Յիսուս մեզ կը հրաւիրէ խոկալու այդ տանտիրոջ հայեացքին վրայ. Հայեացք որ կը նայի աշխատանքի կարօտ ամէն մէկ գործաւորի, կը կոչէ զանոնք աշխատելու իր այգիին մէջ։ Հայեացք լի ուշադրութեամբ ու բարութեամբ, որ կոչ կ՛ընէ ոտքի ելլելու եւ ուղեւորութեան մէջ դնելու մենք զմեզ, որովհետեւ ան իւրաքանչիւրին համար կը փափաքի կեանք՝ լիակատար կեանք։

Աստուած արդարեւ ոչ մէկը կը բացառէ եւ կ՛ուզէ որ ամէն մէկը հասնի իր լիութեան, ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը խորհրդածութեան աւարտին, Հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը- որպէսզի օգնէ մեզի՝ ընկալելու սիրոյ տրամաբանութիւնը որ մեզ կ՛ազատագրէ Աստուծոյ վարձատրութեան արժանանալու այն կանխավարկածէն եւ ուրիշներու նկատմամբ ժխտական դատումէն։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հուսկ արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը  ապա ողջունեց հրապարակը համախմբուած հազարաւոր հաւատացեալները, վերյիշելով  Օքլահոմայի մէջ երանելիներու շարքին երէկ դասուած  Միսիոնար Քահանայ Սթանլէյ Ֆրանսիս Ռոզէրը, որ իր կեանքը զոհեց իր հաւատքին համար։ Նորին Սրբութիւնը ապա ոողջոյնի խօսք ուղղեց  հրապարակի վրայ գտնուող տարբեր շրջաններէ ժամանած ուխտաւորներուն ու Մարեմեան աղօթքը եզրափակեց բարի կիրակի մաղթելով բոլորին եւ խնդրելով ինչպէս միշտ որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.