2017-09-23 12:19:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը «Invictus Games» երրորդ մրցոյթի առթիւ ։


(Ռատիօ Վատիկան) Քանատայի Թորոնթօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող «Invictus Games» երրորդ մրցոյթի առթիւ, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն պատերազմի հետեւանքով հաշմանդամութեան մատնուած զինուորականներ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող  պատգամ մը յղած է որուն մէջ մաղթած է որ այդ մրցոյթը հանդիսանայ շօշափելի նշան ժողովուրդներու միջեւ միութեան ու ամէն մէկ մարդկային կեանքի արժանապատուութեան։

23-30 սեպտեմբեր 2017-ին կայացող այդ մրցոյթին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 17 երկիրներէ  ժամանած  550 մարզիկներ։

«Քաջալերելով բոլոր մարզիկները՝ աշխարհին նուիրելու մարդկային այդ անյաղթ հոգիին վկայութիւնը զոր՝ Աստուծոյ շնորհքով, կարող է դիմագրաւել որեւէ մարտահրաւէր, վճռակամութեամբ ու արիութեամբ, Սրբազան Քահանայապետը կ՛աղօթէ որպէսզի այդ Խաղերը կարողանան խթան դառնալ ազգերու, մշակոյթներու ու կրօններու միջեւ պտղաբեր հանդիպումի» գրուած է վերոնշեալ պատգամին մէջ որուն ընթերցումը կատարեց Թորոնթոյի Արքեպիսկոպոս՝ Կարդինալ Թոմաս Քոլլինսը, անցեալ 19 սեպտեմբերին, միջկրօնական մէկ հանդիպումի մը ընթացքին,  Թորոնթոյի «St. James» աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։

Պատգամին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը երախտագիտութեամբ յիշած է այն բոլոր զոհողութիւնները զոր զինուորականները կատարեցին՝ ի սպաս խաղաղութեան խթանումին, յանուն իրենց երկիրներուն ու համայն մարդկային ընտանիքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.