2017-09-23 10:10:00

Ֆրանչիսկոս Պապը շնորհաւորած է Հայաստանի վերանկախացումը


Հայաստանի վերանկախացման տօնին առիթով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ստացած է բազմաթիւ շնորհաւորական ուղերձներ, որոնց կարգին նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին ուղերձը որուն մէջ ան ի մէջ այլոց գրած է. «Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային տօնը ինծի համար առիթ է ձեզի եւ ձեր հայրենակիցներուն փոխանցելու խաղաղութեան եւ բարգաւաճման իմ սրտանց մաղթանքները: Թող Աստուած ուղեկցի եւ աջակցի ձեր ջանքերուն` կառուցելու միշտ աւելի համախմբուած եւ միասնական հասարակութիւն` յոյս ներշնչելով երիտասարդ սերունդներուն»:

Սրբազան Քահանայապետը ուղերձը եզրափակած է իր աղօթքը բարձրացնելով առ Աստուած եւ իր առաքելական օրհնութիւնները շնորհելով  նախագահին, երկրի առաջնորդներուն եւ ամբողջ հայ ժողովուրդին։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.