2017-09-23 08:50:00

Ֆրանչիսկոս Պապ՝ Փերու կատարելիք առաքելական ճամբորդութենէն 4 ամիս առաջ ընդունեց Երկրին նախագահը։


(Ռատիօ Վատիկան)  Ուրբաթ՝ 22 սեպտեմբեր 2017-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ի շարս պաշտօնական այլ հանդիպումներու, առաքելական պալատին մէջ ընդունեց Փերուի հանրապետութեան նախագահը՝ Տիար Փետրօ Փապլօ Քուչինսքի Կոտարը որ ապա հանդիպում ունեցաւ  Պետական Քարտուղար՝ կարդինալ Փիեթրօ Փարոլնի ու անոր ընկերացող պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու ենթաքարտուղար գերապայծառ Անթուան Քամիլլերիի հետ։

Ըստ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան հանդիպման զրոյցները տեղի ունեցան սիրալիր մթնոլորտի մէջ որուն ընթացքին ի յայտ դրուեցան Սուրբ Աթոռի եւ Փերուի հանրապետութեան միջեւ տիրող բարի յարաբերութիւնները որոնք ապա աւլեի յատկանշական պահ մը պիտի ապրիլ ի տես Ֆրանչիսկոս Պապին 18-21 Յունուար 2018-ին Երկրին կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան, որուն ընթացքին Ան պիտի այցելէ երեք քաղաքներ՝ Լիմա, Փուերթօ Մալտոնատօ եւ Թրույիլօ։ Նշենք թէ սոյն ճամբորդութեան առ ի պատրաստութիւն Ֆրանչիսկոս Պապ անցեալ օգոստոս ամսուայ ընթացքին լսատեսողական պատգամ մը յղած էր Փերուի բնակչութեան։

Զրոյցներու ընթացքին արծարծուեցան նաեւ երկու կողմերը հետաքրքրող նիւթեր ինչպէս երիտասարդներու դաստիարակութիւնը, բնապահպանութիւնը ու աղքատութեան դէմ պայքարն ու զարգացումը։

Այս շրջագիծէն ներս անդրադարձ կատարուեցաւ Եկեղեցւոյ՝ Փերուի ընկերութեան կեանքէն ներս բերած սատարին ապա տեղի ունեցան տարածաշրջանի ու միջազգային հարցերու հայող քննարկումներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.