2017-09-23 08:26:00

Ժոզէֆ Ռացինկեր – Պենետիկտոս ԺԶ հիմնարկի յառաջիկայ միջոցառումներու ներկայացում։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի 26 սեպտեմբեր 2017-ի առաւօտեան ժամը 11-ին Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ մամլոյ ասուլիս որուն ընթացքին պիտի ներկայացուին  Ժոզէֆ Ռացինկեր – Պենետիկտոս ԺԶ հիմնարկի յառաջիկայ միջոցառումները, որոնց շարքին՝ Մատրիտի  «Universidad Francisco» համալսարանի հետ համագործակցութեամբ  «բաց պատճառաբանութիւն» մրցանակաբաշխութիւնը, որ տեղի պիտի ունենայ 27 սեպտեմբեր 2017-ին Վատիկանի Գիտութեան կաճառի կեդրոնին մէջ, ապա Ռացինկեր 7-րդ մրցանակի տուչութեան արարողութիւնը՝ 18 նոյեմբեր 2017-ին, հուսկ Միջազգային 7-րդ համաժողովը որուն նիւթը պիտի ըլլայ  «Գովեալ ըլլաս. Հասարակաց  տան խնամակալութեան ի խնդիր, հարկաւոր դարձ դէպի մարդկային բնապահպանում» եւ որ տեղի պիտի ունենայ Քոսթա Ռիքայի մէջ՝ 29 նոյեմբերէն – 1 դեկտեմբեր 2017-ին, Քոսթա Ռիքայի Կաթողիկէ համալսարանի համագործակցութեամբ։

Վերոնշեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ելոյթ կ՛ունենան Քահանայապետական մշակոյթի խորհուրդի նախագահ ու Ռացինկեր հիմնարկի գիտական խորհուրդի անդամ՝ կարդինալ Ճանֆրանքօ Ռավազի,  Ռացինկեր հիմնարկի հոգաբարձութեան նախագահ՝ Յիսուսեան միաբան Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի, Մատրիտի Universidad Francisco de Vitoria համալսարանի ընդհանուր տնօրէն՝ Փրօֆ Մանուել Սատա եւ Քոսթա Ռիքայի Կաթողիկէ համալսարանի տնօրէն՝ Տիար Ֆերնանտօ Սանչես Քամփոս։








All the contents on this site are copyrighted ©.