2017-09-22 12:47:00

Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքը գաղթականութեան հարցերով զբաղող ազգային պատասխանատուներուն


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 22 սեպտեմբեր 2017-ին, Վատիկանի «Քլեմենթինա» անուան դահլիճին մէջ  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ ընդունեց գաղթականութեան հարցով զբաղող ազգային տնօրէնները, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին Եւրոպայի եպիսկոպոսաց  համահաւաք դասի խորհուրդի կողմէ կազմակերպուած հանդիպումին։

Այս առթիւ արտասանած խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը իր պատգամը կեդրոնացուց գաղթական եղբայրներուն ու քոյրերուն վրայ, որոնք Եւրոպայի դռները կը բախեն՝ ապահով վայրեր եւ արժանավայել կեանք ապրելու համար  ըսաւ Ան ակնարկելով գաղթականներու հոսքի երեւոյթի մասին եւ  ընդգծելով թէ եկեղեցին  հաւատարիմ կը մնայ իր առաքելութեան,  այն է  «սիրել Յիսուս Քրիստոսը. Զայն Սիրելով եւ պաշտելով, մասնաւորապէս ամենէն աղքատներուն եւ լքուածներուն մէջ, որոնց  մաս կը կազմեն վստահաբար՝ գաղթականներն ու ապաստանեալները»։  Սրբազան Հայրը ապա   աւելցուց  որ եկեղեցին շօշափելի կերպով կարող է իր մայրական սէրը արտայայտել,  գաղթականներու ուղեւորութեան իւրաքանչիւր  հանգրուանին մէջ ՝ գաղթի ճամբորդութենէ սկսեալ մինչեւ անոնց հայրենիք վերադարձը։

Նորին Սրբութիւն ապա իր խորին մտահոգութիւնը յայտնեց Եւրոպայի զանազան երկիրներու մէջ բացայայտուած անհանդուրժողականութեան, խրատականութեան   արարքներու նկատմամբ, նշելով որ անոնք հետեւանքն  են  ուրիշին հանդէպ  անվստահութեան ու վախի ցուցմունքին ինչպէս նաեւ գաղթականը օտարական նկատելուն։   

Նորին Սրբութիւնը ապա նշեց թէ եկեղեցին  աշխարհի բոլոր ցամաքամասերուն մէջ տարածուեցաւ շնորհիւ գաղթականութեան միսիոնարներուն, որոնք համոզուած էին թէ Յիսուս Քրիստոսի պատգամը տիեզերական է ու  հասցէագրուած իւրաքանչիւր մշակոյթի  այրերուն ու կիներուն, աւելցնելով որ  եկեղեցին իր  պատմութեան  մէջ  զերծ չեղաւ մեկուսացումի փորձութենէն, սակայն Սուրբ Հոգիին ներգործութեամբ կարելի եղաւ զանոնք գերազանցել  ու շրջանցել  ամէն պատնէշ։  

Սրբազան  Հայրը ապա  նշեց  գաղթականներու ժամանակակից  մարտահրաւէրները  դիմագրաւելու հովուական չորս պատասխաներ ՝  ընկալել, պաշտպանել, զարգացնել եւ ներգրաւել, ։

Ընկալել  որ կը թարգմանուի պատշաճ եւ պատուաւոր կարգադրութիւն շնորհել գաղթականներուն եւ ապահովուել բոլորին անվտանգութիւնը ։

Պաշտպանել կը նշանակէ  ճշգրիտ տեղեկութիւններ տալ գաղթականներուն անոնց մեկնումէն առաջ, եւ պաշտպանել անոնց հիմնական իրաւունքներրը  անկախ անոնց գաղթականական  կամ փախստականի կարգավիճակէն։

Զարգացնել  կը նշանակէ մարդկային համապարփակ զարգացումի  իրաւունքները  երաշխաւորել ու վերջապէս ներգրաւել  կը նշանակէ  միջ - մշակութային  հանդիպումի վայրեր բանալ,  նպաստել փոխադարձ յարգանքին  եւ գործօն քաղաքացիութեան ուղիներ զարգացնել։

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքին աւարտին  անդրադարձաւ նաեւ մարդկային համապարփակ զարգացումի ծառայութեան ժողովի  գաղթականներու եւ ապաստանեալներու բաժանմունքին  կողմէ պատրաստուած, գաղթականներու հովուական ծառայութեան հայող  20 կէտերէ բաղկացած ուղեգիծին  ընդգծելով թէ այդ մէկը  հիմնական փաստաթուղթ մըն է գաղթականներու հովուական ծառայութեան համար ,  ապա շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն անոնցմէ  խնդրելով որ չի մոռնան աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.