2017-09-21 14:26:00

Ֆրանչիսկոս Պապի զօրակցութիւնը Մեքսիքոյի մէջ արձանագրուած երկրաշարժի թիրախ զոհերուն


«Ռատիօ Վատիկան» Մարդկային համապարփակ զարգացման ծառայութեան ժողովը հինգշաբթի, 20 սեպտեմբերին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ տեղեկացուց  թէ՝ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յիշեալ ժողովի միջոցաւ 150  հազար տոլար տրամադրած է  Մեքսիքոյի մէջ  երկրաշարժի թիրախ դարձած բնակչութեան օգնութեան  հասնելու համար։

Վերոնշեալ գումարը, Մեքսիքոյի մէջ Պապական նուիրակութեան համագործակցութեան միջոցաւ,  պիտի բաշխուի երկրաշարժէն  ամենէն շատ տուժած թեմերուն, որոնք սոյն գումարը պիտի յատկացնեն  երկաշարժի զոհերու  խնամակալական  անմիջական ծառայութեան։ 

Հաղորդագրութեան մէջ  նաեւ նշուած է թէ  Ֆրանչիսկոս Պապի Մեքսիքոյի երկրշարժի զոհերու տրամադրած նիւթական օժանդակութիւնը  արտայայտութիւնն  է  Անոր  հոգեւոր մօտիկութեան զգացումին   եւ հայրական քաջալերանք՝  երկրաշարժի զոհերուն նկատամբ, որուն մասին  յայտնած  էր 20 սեպտեմբերին Սուրբ Պետրոսի հրապրակին վրայ տեղի ունեցած  ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին։    








All the contents on this site are copyrighted ©.