2017-09-21 13:24:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 21 սեպտեմբերի քարոզը՝ ուրախանալ մեղաւորի դարձին համար։


«Ռատիօ Վատիկան» Հինգշաբթի, 21 սեպտեմբերին մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը տուաւ օրուան պատգամը, բացայայտելով օրուան Սուրբ Աւետարանի մեզի հաղորդած դրուագը, ուր կը պատմուի Մատթէոս Առաքեալի դարձի մասին (Մտթ Թ. 9-13)։

Սրբազան Պապը անդրադարձաւ պատումի երեք փուլերուն՝ «հանդիպում, տօնախմբութիւն եւ գայթակղութիւն»։ Նախ Յիսուս կը հանդիպի մաքսաւոր Ղեւիի, եւ կոչ կʼուղղէ որ հետեւի Իրեն, ապա ճաշելու կʼերթայ անոր տունը, մինչ փարիսեցիները կը գայթակղին այդ պարագայէն՝ թէ Յիսուս մեղաւորի մը հետ ճաշի կը նստի։

Հայեացքը, որ Յիսուս կʼուղղէ Ղեւիի՝ լի է ողորմածութեամբ։ Անոր սէրը  թափանցեց Ղեւիի սրտէն ներս, որովհետեւ Ղեւի գիտակից էր թէ մեղաւոր է։ Հետեւաբար, նկատեց Սրբազան Հայրը, փրկուելու առաջին պայմանն է,  գիտակցիլ թէ մեղաւոր եմ, գիտակցիլ թէ վտանգուած եմ։

Երկրորդ փուլն է տօնախմբութիւնը։ Այդ մեզի կը յիշեցնէ Յիսուսի խօսքը՝ «թէ երկնքի մէջ աւելի մեծ ուրախութիւն պիտի ըլլայ մէկ մեղաւորի մը դարձին համար, քան հարիւր արդարներու համար»։ Սրբազան Հայրը յիշեցուց, որ այս նոյն կեցուածքը պէտք է ունենան հաւատացեալները,ուրախանալով մեղաւորի դարձին համար եւ ոչ գայթակղելով՝ ի տես Աստուծոյ ողորմածութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.