2017-09-21 12:31:00

Ֆրանչիսկոս Պապի Իտալիոյ Հակամաֆիա Խորհրդարանային Խորհուրդի անդամներուն յղած պատգամը


«Ռատիօ Վատիկան» Հինգշաբթի, 21 սեպտեմբերին, Վատիկանի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Իտալիոյ Հակամաֆիա Խորհրդարանային Խորհուրդի անդամներ։

Սրբազան Հայրը իր պատգամին մէջ յատուկէն յիշեց այն անհատները, որոնք իրենց կեանքը տուին մաֆիաներու դէմ մղուած պայքարի ժամանակ, յատկապէս Աստուծոյ Ծառայ Ռոզարիօ Լիվաթինօ, որ սպանուած էր 1990ի սեպտեբմեր 21ին, Ճովաննի Ֆալքոնէ եւ Փաօլօ Պորսելլինօ, սպաննուած 25 տարիներ առաջ։

Սրբազան Հայրը յիշեց Մարկոսի Աւետարանէն Յիսուսի խօսքը՝ «Ինչ որ մարդէն դուրս կու գայ, ա´յն է, որ կը պղծէ մարդը, որովհետեւ ներսէն, մարդոց սրտէն կʼելլեն չար խորհուրդները, շնութիւն, պոռնկութիւն, գողութիւն, սպանութիւն, ագահութիւն, չարութիւն, նենգութիւն, գիջութիւն, չար նախանձ, հայհոյանք, ամբարտաւանութիւն, անզգամութիւն։ Այս բոլոր չարիքները ներսէն կʼելլեն եւ կը պղծեն մարդը» (Մրկ Է. 20-23)։ Հետեւաբար սկզբնակէտը միշտ մարդու սիրտը, անոր յարաբերութիւնները եւ անոր վարմունքն է, ուր անհատը ենթարկուած է պատեհապաշտութեան, խաբէութեան եւ խարդախութեան փորձութիւններուն։ Երբ մարդ ինքզին կը փակէ ինքնաբաւութեան մէջ, դիւրաւ կը հասնի այն կէտին՝ ուր ինքզինք կը նկատէ բոլորին եւ ամէն ինչի չափանիշը։ Մինչ հարազատ քաղաքականութիւնը, որ ընկերսիրութեան վսեմ ձեւն է, կʼաշխատի իւրաքանչիւրին ապահովել յոյսի ապագայ մը եւ կը սատարէ իւրաքանչիւրի արժանապատուութեան։ Ասոր համար մաֆիաներու դէմ պայքարը առաջնահերթութիւն մըն է, որովհետեւ մաֆիաները կը գողնան հասարակաց բարիքը, կորզելով անհատներու յոյսը եւ արժանապատուութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ կաշառակերութեան եւ այլ խնդիրներու։ Ան, կաշառակերութիւնը նկատեց դրամի կռապաշտութիւն, եւ մարդկային արժանապատուութեան շուկայնացում։ Մաֆիայի դէմ պայքարիլ կը նշանակէ նաեւ՝ «բարեկարգել, փոխակերպել եւ կերտել» բոլոր մակարդակներու վրայ. ապա նաեւ տնտեսական մարզին մէջ կատարել ուղղումներ։

Սրբազան Հայրը վերջապէս տուաւ մաֆիայի դէմ գործնական պայքարի յորդորներ եւ քաջալերեց ներկաները յառաջ տանիլ պայքարը, վստահելով որ ողորմած Աստուած իրենց կողքին է։








All the contents on this site are copyrighted ©.