2017-09-21 12:14:00

Վատիկանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ դիաւանգիտական կապերու 25 ամեակի նշում՝ Հռոմի մէջ


«Ռատիօ Վատիկան» Հայաստանի հանրապետութեան եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու 25 ամեակի առիթով, չորեքշաբթի, 20 սեպտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 6-ին, Հռոմի Լեւոնեան Քահանայապետական վարժարանի Սուրբ Նիկողայոս անուան եկեղեցւոյ մէջ, Սուրբ Աթոռի Արեւելեան եկեղեցիներուն ժողովի կառավարիչ՝ Կարդինալ Լեոնարտօ Սանտրի, նախագահեց Սուրբ համատարագի արարողութեան, մասնակցութեամբ Հալէպի թեմի Կաթողիկէ Հայոց առաջնորդ՝ Արհիապատիւ Պետրոս Արք. Մրէաթեանի, Լեւոնեան Քահանայապետական Վարժարանի մեծաւոր՝ Գերարգելի Հայր Նարեկ Ծ. Վրդ. Նաամոյեանի եւ այլ կղերականներու։

Համապատարագի արարողութեան ներկայ գտնուեցան Վատիկանի մօտ Հայաստանի  Հանրապետութեան լիազօր դեսպան Վսեմաշուք Միքայէլ Մինասեան, Ւտալիոյ կառավարութեան մօտ Հայաստանի Հանրաապետութեան  դեսպանուհի Վիքթորիա Պաղտասարեան, Ւտալիոյ մէջ Պապական նուիրակ Գերապայածառ Ժորժօ Կեցցա, Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի՝ ենթաքարտուղար Հայր Լորենցօ Լորուսսօ, Ւտալիոյ մէջ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հովիւ Հայր Թովմա Խաչատրեան,  Ւտալիոյ խորհդարանի եւ քաղաքական-զինուորական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ ինչպէս նաեւ Ւտալացի եւ հայազգի հոծ բազմութիւն։

Սուրբ զոհին սկիզբը ողջոյնի խօսք ուղղեց Լեւոնեան Քահանայապետական Վարժարանի մեծաւոր Գեր՝ Հայր Նարեկ Ծ. Վրդ. Նաամոյեան, ան ներկաներուն փոխանձեց Տանն Կիլկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք՝ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ւ.ի  ջերմ  ողջոյնները։ Ապա անդրադառնալով 1991-ին,  Հայասատանի  հանրապետութեան երկրորդ անկախութեան  հռչակման,  մեծաւոր Հայրը ընդգծեց , որ Հայաստան երկիրը, 21 սեպետբեր 1991-ին, իր անկախութիւնը ողջագուրեց, Քրիստոսի խաչին քով բարձրացնելով եռագոյնը, հայ ազգին զօրութիւնն ու պարծանքը, ապա հաստատեց թէ այսօր՝ 26 տարի ետք, միեւնոյն Սուրբ խաչին մօտ  եւ միեւնոյն վստահութեամբ Տիրոջմէ կը հայցենք որ հայ Ազգը հաւատքին մէջ ամուր պահէ,  բեղուն օրեր շնորհէ Հայ ժողովուրիդն եւ Արցախի՝ խաղաղութիւն։

Հայր Նարեկ ապա նշեց թէ իրեն համար՝ որպէս Քահանապետական Լեւոնեան Վարժարանի մեծաւոր՝ պարծանքի առիթ է ներականերուն հետ միասին տօնել Սուրբ Աթոռի եւ Հայաստանի հանրապերութեան միջեւ դիաւնագիտական յարաբերութիւններու 25 ամեակը, դիտել տալով սոյն կարեւոր գործընթացի ծիրէն ներս Վարժարանի ունեցած հիմանական դերակատարութիւնը։

Հուսկ՝ Կարդինալ Լեոնարտօ Սանտրի տուաւ օրուան պատգամը, ըսելով՝ «Հաւաքուած ենք այս երեկոյ՝ տօնելու այն մեծագոյն արարքը, որ մեզի՝ ուխտաւոր մարդոցս տրուած է այս աշխարհի վրայ, Սուրբ Հոգւոյն շնորհքով մեզ մասնակից դարձնելով Քրիստոսի միակ եւ կատարեալ զոհին, որ իր կեանքը տուաւ Խաչին վրայ։ Սակայն մահը չկրցաւ խափանել Անոր էութիւնը, որ ամբողջութեամբ նուիրուած էր Հօր եւ Իր եղբայրներուն. Ան կենդանի է, յարուցեալ։ Այսօր Միացած ենք Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, Գերերջանիկ Պատրիարք Գրիգոր Պետրոս Ի. Ղապրոյեանի եւ Վերափառ Կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի հետ։»

Կարդինալ Սանտրի ապա նկատեց, թէ Սուրբ Աթոռի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ կայացած յարաբերութիւնները ունեցած են շատ մը փայլուն կէտեր, յիշելով Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի եւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապի Հայաստան կատարած այցելութիւնները, ինչպէս եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահներու կատարած եօթ այցելութիւնները՝ Սուրբ Աթոռին, Սկսեալ Նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի 1991ի այցելութենէն։ Ապա Կարդինալ Սանտրի յիշեց նաեւ 2015ի, Ֆրանչիսկոս Պապի մատուցած Սուրբ Պատարագը, ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, եւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի Տիեզերական Վարդապետ հռչակումը։

Կարդինալ Սանտրի Սուրբ Աթոռի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան բարեկամութեան էջերը նկատեց «Աստուծոյ իսկական պարգեւը», եւ ապա ուշադրութեան յանձնեց, թէ Բանն Աստուծոյ, որ մարդացաւ՝ նաեւ մեր մարդկային  էութեան խորհուրդը կը դնէ նոր լոյսի տակ։ Ան յիշեց Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի խօսքը՝ «Հայ հասարակութեան մկրտութեամբ կը ծնի ժողովուրդի նոր ինքնութիւն մը, որ կը վերածուի հայու գոյութեան բաղադրիչ եւ անբաժանելի մասի։» Իսկ այսպիսի ինքնութիւն մը, նկատեց Կարդինալ Սանտրի, նաեւ մեր ժամանակաշրջանին մէջ շարժիչ ոյժն է հայ մարդու սրտին։ Մկրտութեան խորհուրդով Աստուծմէ ստացուած զօրութիւնը կը մղէ մեզ, ինչպէս կʼըսէ Պօղոս Առաքեալ «Սէրն Քրիստոսի ստիպէ զմեզ»։ Ասոր համար հայ ժողովուրդի եւ հայ եկեղեցւոյ զաւակներ տուած են մարտիրոսներ՝ դարեր շարունակ։

Յիշելով Սուրբ Աթոռի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան յարաբերութիւններու դիւանագիտական բնոյթ ունեցող այլ նուաճումներ, Կարդինալ Սանտրի փակեց իր քարոզը, Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի Աստուածածնի ուղղուած տողերով՝ «օժանդակեա´ թեւոցդ աղօթիւք, խոստովանեալ մայրդ կենդանեաց ... բարեխօսեա´, խնդրեա´, աղաչեա´, զի ըստ անճառելի մաքրութեանդ եւ ահա զբանիդ հաւատամ զընդունելութիւն» Ամէն։

Համապատագի աւարտին խօսք առաւ Վատիկանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վսեմաշուք Միքայէլ Մինասեան։ Ապա Վարժարանի  դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որուն մասնկցեցան արարողութեան ներկայ բոլոր հիւրերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.