2017-09-21 09:05:00

Մեսրոպեանը նոր տարեշրջան մուտք կը գործէ զարգացման յաւելեալ քայլերով


2017-ի Սեպտեմբերի 15-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի անձնակազմը գումարեց իր առաջին՝ վերամուտի ընդհանուր ժողովը, որ սկսաւ Ֆարաճեան հանդիսասրահի մէջ աղօթքով, շարունակուեցաւ տնօրէնութեան զեկուցաբեր նիստով եւ եզրափակուեցաւ բաժանմունքներու ուսուցիչներու աշխատանքային հանդիպումներով:

Ժողովը բացուեցաւ Մեսրոպեանի հոգեւոր տեսուչ Արժ. Տէր Ռաֆֆի քահանայ Յովհաննէսեանի խորհրդածութիւններով, ուր ան ընդգծեց արդի մարդը կլանած տագնապները հաւատքով դիմագրաւելու կարեւորութիւնը: Տէր Ռաֆֆի ըսաւ, որ կասկածը, անտարբերութիւնը, ձեւականութեան հանդէպ թուլութիւնը եւ արժէքներու նկատմամբ յարգանքի կորուստը էապէս կը խաթարեն արդի մարդուն կեանքը, եւ ինչպէս բոլորին, նոյնպէս եւ ուսուցիչներուն համար կը դառնան լրջագոյն խնդիր, մանաւանդ պաշտօնական պարտականութիւններու կատարման տեսանկիւնէն: Ան ըսաւ, որ “սեզոնային հաւատքը” չէ, որ կրնայ որեւէ դարման բերել այս խնդիրներուն, երբ մարդ զԱստուած  կը յիշէ առիթէ առիթ կամ տօնէ տօն, այլ ամբողջական վստահութիւնը Յիսուս Քրիստոսի եւ ջանասէր ընթերցումը՝ Անոր աւետարանին:

Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ իր զեկոյցի առաջին մասով ընդհանուր գնահատականը կատարեց 2016-2017 տարեշրջանի գործունէութեան, դիտել տալով, որ վարժարանը պետական քննութիւններուն արձանագրեց վերջին 15 տարիներու իր լաւագոյն արդիւնքները, երբ պաքալորէայի եւ պրէօվէի յաջողութեան խառն համեմատութիւնը կազմեց   98.41 առ հարիւր:

Անդրադառնալով նոր տարեշրջանի նորութիւններուն, պարոն Գալուստ հաղորդեց, որ այս տարուընէ սկսեալ Մեսրոպեանը պիտի ունենայ արաբերէնի դասանիւթի յատուկ վերահսկիչ մը, որուն պարտականութիւնը պիտի ըլլայ զարգացնել եւ վերահսկել արաբերէնի ուսուցումը ամբողջ վարժարանին մէջ: Սոյն պաշտօնին կոչուած է Սեն Ժոզեֆ համալսարանի մանկավարժութեան դասախօս, ուսուցման մեթոտաբան եւ ուսուցիչներու վերապատրաստութեան մասնագէտ դոկտ.  Քոլեթ Աուն: Ան յայտնեց, որ նախակրթարանի բարձր դասարաններուն մէջ հաստատուած են smartboard-եր եւ ինթերնեթ կապ, որ, ուսուցիչներու վերահսկողութեամբ, պիտի օգտագործուի աշակերտներու ուսուցման գործընթացին մէջ: Տնօրէնը շեշտեց, որ Մեսրոպեանի մէջ կրթութեան հետ արհեստագիտութեան համարկումի ընթացքը անշրջելի է ու տարուէ տարի ալ աւելի պիտի արագանայ:  Պարոն Գալուստ հաղորդեց, որ Արհեստից վարժարանին մէջ հաստատուած է ուսման եւ գործի արեւելումի յատուկ գրասենեակ մը, տեղեկատուութիւն եւ խորհրդատուութիւն մատուցելու համար աշակերտներուն:

Մեսրոպեանի տնօրէնը հաղորդեց, որ վարժարանը պիտի շարունակէ իր գործակցութիւնը Հայկազեան եւ Սեն Ժոզէֆ համալսարաններուն  հետ, թէ ուսուցիչներուն եւ թէ աշակերտներուն վերաբերող ակադեմական թէ վարժողական ծրագիրներու մէջ: Վարժարանին մէջ պիտի շարունակէ գործել կրկնուսուցման “Պիզի Քիտզ” ծրագիրը, մինչ աշակերտները պիտի շարունակեն մասնակցիլ գիտական զարգացման շարք մը ծրագիրներու, ինչպիսիք են STEM-ը եւ The Little Engineer-ը: Մեսրոպեանը պիտի շարունակէ իր գործակցութիւնը Institut Français -ի հետ եւ պիտի ձգտի 2019 թուականին ամբողջացնել ֆրանսերէնի ուսուցման CELF ծրագիրը: Պարոն Գալուստ յայտնեց նաեւ, որ վարժարանը սկսած է կատարել քայլեր եւ պատրաստել համապատասխան թղթածրար՝ ISO վկայագիր ստանալուն ուղղուած:

Մեսրոպեանի տնօրէնը կարեւորեց փոխադարձ յարգանքի, նախաձեռնողական ոգիի, անկեղծութեան, կարգ ու կանոնի, հետեւողականութեան, հանդուրժողականութեան, գործակցութեան եւ լայնախոհութեան առկայութիւնն ու ամրապնդումը ուսուցիչներուն մօտ, յանուն աշակերտներու լաւագոյն կրթութեան եւ դաստիարակութեան: Ան շեշտեց, որ նման պայմաններու մէջ Մեսրոպեանի անձնակազմի 116 անդամները ի վիճակի են հրաշքներ իրականացնել, վարժարանը առաջնորդելով բարձունքէ բարձունք` թէ յաջողութիւններու եւ թէ պատասխանատուութեան առումներով:

Տեղեկատուական գրասենեակ

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

 








All the contents on this site are copyrighted ©.