2017-09-21 13:35:00

Հաղորդամիջոցներու քարտուղարութեան եւ Յիսուսեան միաբանութեան միջեւ համաձայնագիրի ստորագրութիւն


«Ռատիօ Վատիկան» Հինգշաբթի, 21 սեպտեմբեր 2017-ին,Վատիկանի մէջ Յիսուսեան Միաբանութեան եւ  Սուրբ Աթոռի հաղորդամիջոցներու քարտուղարութեան միջեւ  տեղի ունեցաւ  համաձայնագիրի մը ստորագրութիւնը։ Այս առնչութեամբ Վատիկանի հաղորդամիջոցներու ժողովի կառավարիչ՝ Գերապայծառ Էտուարտօ Վիկանոն յայտնեց, թէ յիշեալ համաձայնագիրի ստորագրութիւնը  կատարուեցաւ    Վատիկանի Ռատիոկայանի երբեմնի տնօրէն Հայր Սթեֆանիցցիի տարեդարձի 100 ամեակի սեմին,   որ   պաշտօնավարած էր  Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովին ժամանակաշրջանին։

Որովհետեւ ժողովուրդը լատիներէն լեզուի եւ Աստուածաբանական գիտութիւններու քաջատեղեակ չէր Հայր Սթեֆանիցիի հաղորդումները աւելի մատչելի դարձուց  հանրութեան ըսաւ Գերապայծառ Վիկանոն աւեցնելով որ այս է նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապի կեցուածքը հաղորդամիջոցներուն բարեփոխումի նկատմամբ։  

Ապա հաղորդամիջոցներուն ժողովի  կառավարիչը՝ իր  եւ  ժողովի  անձնակազմի անունով երախտագիտութիւն յայտնեց Յիսուսեան միաբաններու  նկատմամբ,  որոնց  հետ այս վերջին  մէկ ու կէս տարուան ընթացքին,  սկսած են զատորոշումի եւ քննարկումի աշխատանքները՝  նկատմամբ յիշեալ  միաբանութեան ներկայութեան՝  ոչ միայն Վատիկանի Ռատիոկայանի ասպարէզէն ներս  այլ աւելի  մեծ իրականութեան մէջ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.