2017-09-20 11:08:00

Ֆրանչիսկոս Պապ «Ապրէ՛, սիրէ՛, հաւատա՛յ։ Եւ Աստուծոյ շնորհքով երբէք պիտի չյուսահատիս»։


«Ռատիօ Վատիկան»  «Յոյսը կերտել», այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի պատգամը, չորեքշաբթի, 20 սեպտեմբերի հրապարակային ունկնդրութեան ներկաներուն։ Սրբազան Հայրը յիշեցուց, թէ մարդու առաջին թշնամին դուրսէն չէ, այլ անձին մէջն է. ասոր համար պէտք չէ առիթ տալ բացասական մտածումներու, պէտք է հաստատօրէն հաւատալ թէ այս աշխարհը Աստուծոյ առաջին հրաշքն է, եւ թէ Աստուած մեր ձեռքերուն մէջ դրած է նոր հրաշքներու շնորհքը։ Հաւատքը եւ յոյսը կʼընթանան միասին։ Հաւատայ աւելի բարձր եւ աւելի գեղեցիկ ճշմարտութիւններու. վստահէ Արարիչ Աստուծոյ, եւ Սուրբ Հոգիին, որ ամէն ինչ դէպի բարին կը տանի. վստահէ Քրիստոսի ընդգրկումին, որ կը սպասէ ամէն մարդու՝ անոր կեանքին վերջը։

Ուր ալ ըլլաս, այնտեղ կերտէ՛։ Եթէ ինկած ես գետին՝ վե՛ր կանգնիր։ Եթէ նստած ես՝ սկսէ՛ քալել։ Մարդոց մէջ կերտէ խաղաղութիւնը, եւ մի լսեր այն ձայներուն, որոնք կը սերմանեն ատելութիւն եւ բաժանում։ Մարդկային էակները, մէկը միւսէն տարբեր, ստեղծուած են ապրելու միասին։ Ասոր համար սիրէ մարդկային էակները, յարգէ իւրաքանչիւրին ընթացքը՝ ըլլայ ան ուղիղ կամ տագնապալի, որովհետեւ իւրաքանչիւր մարդ ունի իր պատմութիւնը։ Իւրաքանչիւր մանուկ, որ կը ծնի կեանքի մը խոստումն է, որ օր մը պիտի յայտնուի մահէն աւելի հզօր։ Իւրաքանչիւր սէր, որ կը բխի փոխակերպող ուժ մըն է որ կը ձգտի երջանկութեան։

Յիսուս մեզի լոյս մը յանձնեց, որ կը շողայ խաւարին մէջ։ Պահէ եւ պաշտպանէ այդ լոյսը. այդ միակ լոյսը քու կեանքիդ վստահուած ամենէն մեծ հարստութիւնն է։

Երազէ կեանք մը, որ տակաւին չʼերեւիր, որ սակայն ապահովաբար պիտի հասնի։ Յոյսը կը հաւատայ արարչութեան մը գոյութեան, որ կʼերկարի մինչեւ վերջնական լրումը, երբ Աստուած պիտի ըլլայ ամէն ինչ։

Պատասխանատու կեցուածք ունեցիր այս աշխարհի եւ իւրաքանչիւր մարդու կեանքին հանդէպ։ Աղքատի մը հանդէպ իւրաքանչիւր անարդարութիւն բաց վէրք մըն է, եւ կը նուազեցնէ քու արժանապատուութիւնդ։ Կեանքը քու գոյութեամբդ չի վերջանար, այլ այս աշխարհի վրայ պիտի գան այլ սերունդներ, որոնք պիտի յաջորդեն քեզի։

Խնդրէ Աստուծմէ քաջութեան պարգեւը։ Յիշէ, որ Յիսուս մեզի համար յաղթեց վախին. մեր ամենէն չար թշնամին անգամ չի կրնար որեւէ բան ընել հաւատքի դէմ։ Իսկ երբ կեանքի որեւէ դժուարութեան մը դիմաց կը վախնաս, յիշէ որ դուն առանձին չես ապրիր։ Մկրտութեան մէջ քու կեանքդ արդէն սուզուած է Երրորդութեան խորհուրդին մէջ եւ դուն կը պատկանիս Յիսուսի։ Իսկ երբ օր մը երկիւղը քեզ պատէ, եւ կամ մտածես թէ չարիքը շատ մեծ է պայքարելու համար, պարզապէս մտածէ որ Յիսուս քու մէջդ կʼապրի։ Եւ Ան է, որ քու միջոցաւդ, քու հեզութեամբդ կʼուզէ նուաճել մարդու բոլոր թշնամիները՝ մեղքը, ատելութիւնը, ոճիրը եւ բռնութիւնը։

Միշտ քաջութիւնն ունեցիր ճշմարտութեան հանդէպ, սակայն յիշէ՝ ոչ մէկէն գերազանց ես։ Մշակէ գաղափարականներ։ Ապրէ բանի մը համար, որ կը գերազանցէ մարդը։

Եթէ սխալիս՝ կրկին ոտքի կանգնիր. ոչ մի բան աւելի մարդկային է՝ քան սխալներ գործելը։ Այդ սխալները պէտք չէ քեզի համար վերածուին բանտի։ Աստուծոյ որդին եկաւ ոչ թէ առողջներուն, այլ հիւանդներուն համար. հետեւաբար եկաւ նաեւ քեզի համար։ Եւ եթէ ապագային նորէն սխալիս, մի՛ վախնար, կրկին ոտքի կանգնէ։ Աստուած քու բարեկամդ է։

Եթէ դառնութիւնը քեզ լեցնէ, հաստատ կերպով հաւատայ բոլոր այն անհատներուն, որոնք տակաւին կʼաշխատին բարիին համար. անոնց խոնարհութեան մէջ է նոր աշխարհի մը սերմը։ Այցելէ այն անհատներուն, որոնք իրենց սիրտը պահած են մանուկի մը սրտին նման։ Սորվէ հրաշքէն, մշակէ հիացմունքը։

«Ապրէ՛, սիրէ՛, հաւատա՛յ։ Եւ Աստուծոյ շնորհքով երբեք պիտի չյուսահատիս»։ Ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը չորեքշաբթի, օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, ապա  զանազան լեզուներով ողջունելէ ետք հրապարակը գտնուող տաբեր երկրիներէ ժամանած ուխտաւորները, յատուկէն ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, նորասպսակներուն ու հիւանդներուն։ Երիտասարդներուն ուղղած խօսքին մէջ նորին Սրբութիւնը ըսաւ

«Վաղը՝  Սուրբ Մատթէոս Առաքեալի եւ աւետարանիչի տօնը  կը նշուի։  Անոր դարձի գալը թող օրինակ հանդիսանայ ձեզի սիրելի երիտասարդներ՝ հաւատքի չափանիշով կեանքը ապրելու համար։ Հիւանդներուն ողջունելով Ֆրանչիսկոս Պապ  ըսաւ, « Սիրելի հիւանդներ , Սուրբ Մատթէոսի քաղցրաբարոյութիւնը թող զօրակցի ձեզի, երբ տառապանքը անհանդուրժելի ըլլայ։

Ւսկ նորսապսակներուն ուղղած խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ «Սիրելի Նորապսակներ,Սուրբ Մատթէոս առաքեալին, աշխարհի հաշիւներէն հրաժարումը  թոյ ձեզի յիշեցնէ սիրոյ տրամաբանութեան կարեւորութիւնը ամուսնական կեանքէն ներս, որ ձեռնարկեցիք»։








All the contents on this site are copyrighted ©.