2017-09-19 11:32:00

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանը համալրուեցաւ Վատիկանի արխիւներէն ձեռք բերուած փաստաթուղթերով


Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը համալրուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ արժէքաւոր փաստաթուղթերով, որոնք ձեռք բերուած են Վատիկանի գաղտնի արխիւներէն: Վատիկանի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Միքայէլ Մինասեանի աջակցութեամբ եւ իտալահայ գործարար Արթուր Ասատրեանի միջոցներով ձեռք բերուած փաստաթուղթերը Սեպտեմբեր 19-ին յանձնուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին, կը հաղորդէ “Երկիր մեդիա”-ն:

Փաստաթուղթերը Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի փոխտնօրէն Սուրէն Մանուկեանին յանձնեց «Ծագումով հայեր» հաղորդաշարի հեղինակ Մանանայ Յակոբեանը:

Սուրէն Մանուկեան նշեց, որ փաստաթուղթերը դեռ պէտք է ուսումնասիրուին, սակայն նկատեց, որ անոնց մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն Օսմանեան Կայսրութեան մէջ աշխատող Վատիկանի ներկայացուցիչներու փաստաթուղթերն են: «Այսինքն, խօսքը այդ տարիներուն Օսմանեան Կայսրութեան մէջ աշխատող դեսպաններու մասին է: Փաստաթուղթերը, ինչպէս առաջին հայեացքէն հասկացայ, դիւանագիտական գրագրութիւններ են, կան ինչպէս ձեռագիր, այնպէս ալ մեքենագիր գրագրումներ: Շատ արժէքաւոր փաստաթուղթեր են, որոնք իրենց տեղը պիտի ունենան մեր թանգարանին մէջ: Յառաջիկային մենք մանրամասն պիտի ուսումնասիրենք ատոնք»,- ըսած է Սուրէն Մանուկեան` ընդգծելով, որ փաստաթուղթերը 1914-1917 թուականներու Օսմանեան Կայսրութեան մէջ կատարուած իրադարձութիւններու վերաբերեալ են:








All the contents on this site are copyrighted ©.