2017-09-18 08:30:00

Համահայկական խորհուրդին նուիրուած քննարկում սահմանադրական դատարանին մէջ


Սեպտեմբեր 16-ին ՀՀ սահմանադրական դատարանին մէջ` գլխաւորութեամբ Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեանի տեղի ունեցաւ Համահայկական խորհուրդի ձեւաւորման նուիրուած աշխատանքային խորհրդակցութիւն, որուն ներկայ էին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, պետական, ազգային, հասարակական գործիչներ Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն:

Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան ներկայացուց Համահայկական խորհուրդի վերաբերեալ տարբեր կազմակերպութիւններէ, կառոյցներէ ու անհատներէ ստացուած առաջարկներն ու դիրքորոշումը:

Այնուհետեւ ծաւալեցաւ քննարկում, որուն արդիւնքները պէտք է ներկայացուին «Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն» խորագիրով Հայաստան-Սփիւռք վեցերորդ համահայկական համաժողովի ծիրէն ներս սեպտեմբեր 18-ին կայանալիք Համահայկական խորհուրդի ստեղծման եւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան յետագայ զարգացման հարցերուն նուիրուած կլոր սեղանի ընթացքին:

Քննարկման մասնակիցները կարեւոր համարեցին յանձնախումբ ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը, որ կը քննարկէ եւ կը յստակեցնէ յետագային ստեղծուելիք կառոյցի նախագիծը:

Հանդիպման ընթացքին առաջարկներ հնչեցին նաեւ համահայկական ներուժի համախմբման ուղղութեամբ` նկատի ունենալով Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով ստեղծուած պետական եւ տարածաշրջանային յանձնաժողովներու գործելաոճը եւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի փորձառութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.