2017-09-15 12:08:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 15 սեպտեմբերի քարոզը նուիրուած Ցաւագին Տիրամօր


«Ռատիօ Վատիկան» Ուրբաթ, 15 սեպտեմբերին, առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց խոկալու  Խաչին տակ գտնուող ցաւագին Տիրամօր մասին, որուն տօնը եկեղեցին կը նշէ այսօր ։ «Խոկալ Աստուածածնի մասին,  խոկալ այդ հակասական նշանին մասին,  որովհետեւ  Յիսուս  յաղթական է  սակայն՝ խաչին վրայ»։  Այս մէկը հակասութիւն  կը թուի,  որ անհասկնալի է, եւ  հաւատքի կարիքը ունի՝   մօտենալու համար այդ խորհուրդին – ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով թէ  « Տիրամայրը գիտակից էր, եւ բոլոր կեանքը ապրեցաւ խոցուած հոգիով։  Ան Յիսուսին կը հետեւէր  եւ կը լսէր ժողովուրդին  մեկնաբանութիւնները,  քէշ կամ լաւ, սակայն՝ միշտ իր Որդիին կը հետեւէր  եւ  ասոր համար է,  որ կ՝ըսեն թէ Տիրամայրը առաջին առաքեալն է »  ընդգծեց Նորին Սրբութիւնը ապա հաստատեց  յիշեալ հակասական նշանը Սուրբ Կոյս Մարիամին  սրտին մէջ անձկութիւն կը պատճառէր.  Ան հոն կը գտնուէր լռակեաց, հայեացքը իր զաւկին սեւեռելով։     Թերեւս անոր ականջին հասան նաեւ մեկնաբանութիւններ, ուր զինք ցոյց կու տային որպէս երեք գողերէն մէկուն մայրը։ Սակայն՝ Ան իր հայեացքն ու դէմքը սեւեռեց միշտ իր զաւկին»։ Այդ պահուն է որ , Ան ծնաւ մեզ բոլորս, ծնաւ եկեղեցին։  Կին՝ ըսաւ Յիսուս ահա քու զաւակներդ -  Չ՝ըսաւ ով Մայր այլ՝ ըսաւ ով կին. Զօրաւոր ու արի կին մը որ այնտեղ կանգնած էր բոլորին ըսելու համար  «Ասիկա իմ զաւակս է, չեմ ուրանար զինք» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը  ու քարոզը աւարտեց հայցելով թող Սուրբ Հոգիին հովանին որպէսզի իւրաքանչիւրիս պարգեւէ  այն ինչ որուն պէտք ունինք։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.