2017-09-15 09:25:00

Ս. Շարպելի արձանի օրհնութիւն եւ տեղադրում Ֆարայայի Խաչի լերան գագաթին


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ նախագահեց յատուկ պատարագի մը, որուն ընթացքին օրհնեց Ֆարայայի Խաչի լերան գագաթին զետեղուած Ս. Շարպելի արձանը, որ Էլիաս Մուսա Սալամէի կողմէ քանդակուած էր ու նուիրուած Ֆարայայի` իբրեւ երախտիք իր զաւկին առողջութեան հսկող Ս. Շարպելին:

Պատարագին ներկայ գտնուեցան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ նախարար Փիեռ Ռաֆֆուլ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ Նաամթալլա Ապի Նասըր, մեծ թիւով նախարարներ ու երեսփոխաններ, հոգեւորականներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը:

Պատարագին ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ Ռայի պատրիարքը ընդգծեց մասնակի եւ ընդհանուր երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու անհրաժեշտութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.