2017-09-15 08:52:00

Նախագահ Սարգսեան ներկայ գտնուեցաւ «Էօրնեկեան հանրակրթական դպրոց»-ի նոր մասնաշէնքի բացումին


Նախագահ Սերժ Սարգսեան Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, բարերար Էտուարտօյ Էռնեկեանի, շարք մը պաշտօնատար անձերու եւ պատուաւոր հիւրերու հետ այսօր ներկայ գտնուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Էօրնեկեան հանրակրթական դպրոց» ուսումնական հաստատութեան նոր մասնաշէնքի բացման հանդիսաւոր արարողութեան: Դպրոցի օծումը կատարած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը:

Հանրակրթական ուսումնական այդ հաստատութիւնը հիմնադրուած է  Գարեգին Բ․-ի կողմէ եւ Էտուարտօ Էռնեկեանի բարերութեամբ` 2009-ի Սեպտեմբեր 1-ին, Վաղարշապատի թիւ 13 հանրակրթական դպրոցի հենքի վրայ: Դպրոցի ուսումնառութեան պայմանները բարելաւելու նպատակով Վեհափառ hայրապետի նախաձեռնութեամբ եւ Էտուարտօ Էռնեկեանի հովանաւորութեամբ` Էջմիածինի մէջ կառուցուած է «էօրնեկեան հանրակրթական ուսումնական հաստատութեան» նոր եւ կահաւորուած դասասենեակներով ու յագեցած տարրալուծարաններով  շէնքը, որ կրնայ իր յարկին տակ ընդունիլ 500 եւ աւելի աշակերտ:

Հանրապետութեան նախագահը շրջայց կատարած է նորաբաց դպրոցին մէջ, ծանօթացած իրականացուած աշխատանքներուն եւ ուսումնառութեան համար ստեղծուած պայմաններուն, որմէ ետք մասնակցած է դպրոցի բակին մէջ կազմակերպուած ծառատունկին:








All the contents on this site are copyrighted ©.