2017-09-15 10:22:00

Իրաքի հարաւը տեղի ունեցած կրկնակի ահաբեկչութեան զոհերու թիւը 74-ի կը հասնի


Իրաքի հարաւը Տիքար նահանգին մէջ տեղի ունեցած կրկնակի ահաբեկչութեան զոհերուն թիւը հասած է 74-ի, տուժած է, ընդհանուր առմամբ, 93 մարդ:

Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, յայտնած է Al-Jazeera-ն` վկայակոչելով նահանգի առողջապահութեան բաժանմունքի ղեկավարի տեղակալին փոխանցած տեղեկութիւնները:

Նախապէս հաղորդուած էր 50 զոհի եւ 87 վիրաւորի մասին: Նասիրիա քաղաքէն արեւմուտք՝ ահաբեկիչները յարձակուած են սրճարանի մը վրայ եւ Տիքար ու Մաութանա նահանգներուն միջեւ հսկիչ անցակէտին մօտ՝ պայթուցիկով ինքնաշարժ մը պայթեցուցած:

Ըստ տեղեկութիւններուն՝ զոհուածներուն եւ վիրաւորներուն մէջ Իրանի քաղաքացիներ կան:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.