2017-09-14 11:34:00

Ֆրանչիսկոս Պապին՝ Չեզենա եւ Պոլոնիա քաղաքներուն, կատարելիք հովուական այցի յայտագիրը։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց նոր հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ  կը յստակացուի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին յառաջիկայ մէկ հոկտեմբերին Չեզենա եւ Պոլոնիա կատարելիք հովուական այցելութեան յայտագիրը։

Նորին Սրբութիւնը, կը կարդանք հաղորդագրութեան մէջ, ընդառաջելով Չեզենա քաղաքի եպիսկոպոս` գերապայծառ Տուկլաս Ռեկաթթիերիի հրաւէրին Չեզենա պիտի այցելէ Պիոս Զ Պապի ծննդեան 300-րդ յոբելեանի առթիւ. մինչ Պոլոնիա թեմին եպիսկոպոս` գերապայծառ Մաթթէօ Ծուփփիի հրաւէրին ընդառաջելով՝  Պոլոնիա քաղաքը պիտի այցելէ՝ Սուրբ Հաղորդութեան թեմական գիտաժողովին առիթով։

Ֆրանչիսկոս Պապ՝ Հոկտեմբեր մէկի առաւօտեան կանուխ ուղղաթիռով կը մենի Վատիկանէն ուղղուելով դէպի Չեզենա, ուր կը ժամանէ մէկ ժամ տեւող թռիչքէ ետք  եւ ուր նախատեսուած են հանդիպումներ՝ հաւատացեալներուն, կղերական դասին, ու հիւանդներուն հետ, ինչպէս նաեւ Պիոս Զ Պապին նուիրուած կոթողի քօղազերծումի արարողութիւն։

Ժամը 10-ին աւարտելէ ետք Չեզենայի այցը, Սրբազան Քահանայապետը, միշտ ուղղաթիռով, կը փոխադրուի Պոլոնիա ուր նախատեսուած է հանդիպում՝ գաղթական երիտասարդներուն հետ, գործարարական ու բանուորական աշխարհի անդամներուն հետ ապա Մարեմեան աղօթքը։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ՝ Սան Փեթրոնիօ Պազիլիքայի մէջ  կէսօրուան զօրակցական ճաշը կը բաժնեկցի  գաղթականներու, բանտարկեալներու ու աղքատներու հետ, ապա հանդիպում կ՛ունենայ տեղական կղերական դասին հետ,  որմէ ետք  կը հանդիպի նաեւ համալսարանական աշխարհի աշակերտութեանց ու դաստիարակչական կազմի անդամներուն հետ։

Ֆրանչիսկոս Պապ  Պոլոնիայի  հովուական այցելութիւնը կ՛եզրափակէ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագի արարողութեամբ, զոր կը մատուցէ Պոնոլինայի ''Տալլարա'' մարզադաշտին մէջ, որուն աւարտին, երեկոյեան 6 45-ին, ուղղաթիռով վերադարձ կը կատարէ Վատիկան ուր ժամանումը նախատեսուած է 19,45-ին








All the contents on this site are copyrighted ©.