2017-09-14 11:54:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 14 սեպտեմբերի քարոզը՝ խաչին սիրոյ խորհուրդը։


«Ռատիօ Վատիկան» Ամառնային կարճ դադարէն ետք, Ֆրանչիսկսոս Պապ, Հինգշաբթի, 14 սեպտեմբեր 2017-ին, Խաչվերացի տօնին առիթով, վերստին սկսաւ հաւատացեալներու մասնակցութեամբ Սուրբ պատարագներ մատուցել Վատիկանի «Տոմուս Սանթա» Մարթայի մատրան մէջ։

Նորին Սրբութիւնը այսօրուան քարոզը կեդրոնացուց Քրիստոսի  Խաչի խորհուրդին վրայ զգուշացնելով երկու հոգեւոր փորձութիւններէն։

Առաջին՝ խոկալ առանց խաչի Յիսուսի մասին, այսինքն Յիսուսը նկատել որպէս հոգեւոր վարդապետ. Երկրորդ՝  խոկալ առանց Քրիստոսի խաչի  մը մասին, այսինքն՝ յուսահատ վիճակի մէջ ըլլալ ու ձեւով մը հոգեւոր ինքնավնասումի ենթարկուիլ։

Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ, որ դիւրին չէ միշտ հասկնալ խաչը։ Լոկ հայեցողութեամբ է որ  կարելի է յառաջ ընթանալ ու ներթափանցել սոյն սիրոյ խորհուրդին մէջ.  Յիսուս՝ երկինքէն իջաւ որպէսզի մեզ բոլորս երկինք բարձրացնէ»  ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը  հաստատելով թէ խաչին խորհուրդը կը կայանայ էջքի ու վերելքի մէջ. «Երբ կարենանք  հասկնալ Յիսուսին  էջքը աշխարհ՝ այն ժամանակն է որ կրնանք հասկնալ փրկագործութիւնը,  զոր կը շնորհուի մեզի սիրոյ խորհուրդի միջոցաւ՝ Յիսուսին խաչին վրայ մահով» յարեց Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ «Խաչը՝ սիրոյ խորհուրդ է, խաչը հաւատարմութիւն է եւ ազնուական» ու աւելցուց «Քրիստոս մը առանց Խաչի Տէր չէ՝ վարդապետ մըն է  ոչ աւելի» մինչ՝ Խաչ մը առանց Քրիստոսի «հոգեւոր ինքնավնասում է»  ուր կը տեսնենք միայն խաչը՝ առանց անոր մէջ տեսնելու Յոյսը՝ Քրիստոս։ Այնպէս ան կը դառնայ լոկ ողբերգութիւն մը։

Քարոզի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց մենք մեզի հարց տալ.Խաչեալ Քրիսոտոսը մեզի համար սիրոյ խորհուրդ է։ ես կը  հետեւիմ առանց խաչի Յիսուսին, կամ առանց առանց Յիսուսի խաչին ապա եթէ թոյլ կու տամ  ներգրաւուիլ այդ ամբողջական նուաստացումի խորհուրդէն, ամբողջական նուիրում վեր բարձրանալու համար Տիրոջ հետ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու քարոզը եզրափակեց մաղթելով, որ Տէրը պարգեւէ մեզի՝ սիրոյ խորհուրդին մէջ  ներթափանցումի շնորհքը,   որպէսզի «սրտով, մտքով,  ու ամբողջ մարմնով՝ բան մը պիտի  կարենանք հասկնալ»։








All the contents on this site are copyrighted ©.