2017-09-13 11:18:00

Ֆրանչիսկոս Պապ իր մօտիկութիւնը յայտնեց Լիվորնօ քաղաքի ողողումի զոհերու հարազատներուն։


«Ռատիօ Վատիկան» Չորեքշաբթի, 13 սեպտեմբեր 2017-ին, առաւօտեան, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ շնորհած հրապարակային  ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը համախմբուած իտալացի եւ օտարազգի պատկան հաւատացեալները յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղելով երիտասարդներուն, նորապսակներուն ու հիւանդներուն որմէ ետք իր մօտիկութիւնն ու քաջալերանքը յայտնեց Ւտալիոյ Լիվորնօ քաղաքը հարուածող ողողումէն տուժած անձերուն ու զոհերուն համար։Խօսքը ուղղելով երիտասարդներուն հիւանդներուն ու նորապսակներուն Նորին Սրբութիւնը ըսաւ.

 «Վաղը կը նշուի Խաչվերացի տօնը։  Սիրելի երիտասարդներ, Աստուծոյ հետ ձեր երկխօսութիւնը ամրապնդեցէք, տարածելով Անոր ճրագն ու խաղաղութիւնը։ Սիրելի հիւանդներ, սփոփանք գտէք  Տէր Յիսուսի խաչին մէջ, որ կը շարունակէ իր փրկագործութեան աշխատանքը իւրաքանչիւր մարդու կեանքէն ներս։ Ւսկ նորապսակներուն  ուղղած խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ « Սիրելի նորապսակներ, ջանացէք կայուն կապ պահել խաչեալ Քրիստոսին հետ, որպէսզի ձեր սէրը ըլլալ միշտ հարազատ, բեղուն եւ մշտական։ 

Ան ապա անդրադարձաւ վերջերս Ւտալիոյ Լիվորնօ քաղաքին մէջ պատահած զօրաւոր փոթորիկին ու  տեղատարափ անձրեւին հետեւանքով տեղի ունեցած ողողումին, որ պատճառեց  7 զոհ ու բազմաթիւ վիրաւորներ, Իր հոգեւոր մօտիկութիւնը յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք կը տառապին  յիշեալ բնական աղէտին հետեւանքէն ու հրաւիրելով աղօթել մեռեալներուն, վիրաւորներուն եւ անոնց հարազատներուն համար ու բոլոր անոնց որոնք տակաւին կը տառապին։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.