2017-09-13 12:46:00

ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւունքներու խորհուրդի 36րդ նիստ.Գերապայծառ Իվան Եուրքովիչի ելոյթը


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 13 սեպտեմբերին, Գերապայծառ Իվան Եուրքովիչ՝ ՄԱԿի եւ Ժընեւի միջազգային կազմակերպութիւններու մօտ Սուրբ Աթոռի դէտը, Զուիցերիոյ մէջ, մարդկային իրաւունքներու խորհուրդի 36րդ նիստին առիթով խօսք առած է, յիշեցնելով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապի 2014ի ապրիլի 10ի պատգամը, ուր Սրբազան Հայրը դատապարտած էր ստրկութեան նոր ձեւերը, «որ ժամանակակից մարդկութեան մարմնին համաճարակն է»։

Գերապայծառ Եուրքովիչ անդրադարձած է զանազան խնդիրներու, ինչպէս՝ մարդկային անհատներու եւ թմրանիւթի վաճառքի, եւ համաշխարհային ծաւալ ունեցող գաղթականութեան հարցերուն, որոնք հետեւանքն են անկասելի շահադիտական նպատակներու։ Ան կոչ ուղղած է, որ ամէն մարդ կոչուած է պայքարիլ անտարբերութեան դէմ՝ բնաջնջելու համար ստրկութիւնը եւ անոր նկատմամաբ տիրող համատարած անտարբերութիւնը։ Վերջապէս, Գերպ. Եուրքովիչ կոչ ուղղած է որ բոլորը ըլլան զօրակցութեան եւ եղբայրութեան տարածումին «արհեստաւորներ»։








All the contents on this site are copyrighted ©.