2017-09-13 09:56:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ։


Աստուած Չկայ

Երիտասարդական ամէնէն փայլուն օրերու տարիքը երբեմն պատճառ կը դառնայ ստեղծիչին գաղափարը մերժելու: Թարմութեամբ, գեղեցկութեամբ, գրաւչութեամբ, ոյժով եւ բազմաթիւ այլ առաւելութիւններով օժտուած մարդը դժուար կը համոզուի, թէ այդ ամէնը իրեն տրուած են: Միթէ ինք այդպէս չէ՞ ծնած: Ի՞նչ կարիք կայ հաւատալու, որ Արարիչ մը նախածրագրած է այդ ամէնը իրեն համար: Միւս կողմէ, ծերանալու, տկարանալու, խամրելու, թոշնելու կամ գրաւչութիւնը կորսնցնելու միտքերը ընդհանրապէս անիմաստ գաղափարներ ու անիրականանալի երազներ կը թուին այդ տարիքի մէջ գտնուող շատ ինքնավստահ մարդուն:

Աստուծոյ գոյութեան դէմ բացուած այս «պայքարը», նաեւ «կը թելադրուի» այն թերութիւններէն, զորս երիտասարդութիւնը կը տեսնէ իր ֆիզիքականին վրայ: Ո՛չ անպայման արկածներու պատճառած սպիները կամ հաշմանդամութիւնը, այլեւ ի ծնէ յայտնուած թերութիւնները երբեմն «կը խրախուսեն» երիտասարդութիւնը բողոքելու Աստուծոյ դէմ, Անոր գոյութիւնը ուրանալու ամէնէն հեշտ ու արագ միջոցին դիմելով:

_ Եթէ Աստուած իսկապէս կայ, ինչո՞ւ ես կաղ ծնած եմ, _ կ՛ըսէր ծանօթ հաշմանդամ մը: Ուրիշ մը իր կակազ լեզուին թերութիւնը Աստուծոյ յանցանքը կը համարէր եւ Անոր ստեղծագործութիւնը թերի ցոյց կու տար: Որքան ալ շրջապատին մէջ գտնուող հաւատաւոր բարեկամներ ցոյց տային երկինքի աստղերն ու մոլորակները, կամ պատմէին Յիսուսի կատարած հրաշքներուն մասին, ինք իր լեզուն օրինակ կը բերէր, ըսելով որ այս ալ այդ հրաշքներուն շարքին պէտք է դնէր Աստուած, փոխանակ զինք այդպէս տառապեցնելու…։ Ուրեմն, «Աստուած չկայ», կ՛ըսէր ան, իբրեւ եզրակացութիւն իրեն պատմուած բոլոր հրաշալիքներուն:

Երիտասարդ ծնողքի մը ընտանիքին մէջ ծնած խեղանդամ երեխան եւս երբեմն պատճառ կը հանդիսանայ Աստուծոյ գոյութիւնը մերժելու տխուր կեցուածքին: Անշուշտ ճիշդ հակառակն ալ պատահած է, երբ այդ երեխան ո՛չ թէ «Աստուծոյ պատիժը» համարած են ծնողներ, այլ՝ օրհնութիւն մը երկնային, իրենց ամբողջ կեանքին համար, զիրենք համեստացնող եւ ծառայութեան ու նուիրումի կեանքին վարժեցնող…։

Մարդկային միտքին լուսաւորութիւնը երբեմն կախեալ է յանկարծական լուսափայլութենէ մը, որ կրնայ պատահիլ տեսիլքով, արկածներու հանդիպելով կամ փորձութիւններու ենթարկուելով:

Իրենց ամբողջ կեանքին ընթացքին Աստուծոյ գոյութեան դէմ պայքարած եւ զայն մերժած անձեր յանկարծ աստուածապաշտ կը դառնան, երբ արկածի մը հանդիպին, ու թէպէտ հաշմանդամութեամբ փակուի այդ տխուր էջը, անոնք դարձեալ փառք կու տան Արարիչին, որ խնայեց իրենց կեանքը եւ դարձեալ ապրելու առիթ ընձեռեց իրենց:

Հետաքրքրական է, որ մարդ արարածը իր ամէնէն գաղտնի գաղափարներուն, մտածումներուն, նախասիրութիւններուն եւ սէրերուն տէրը ըլլալ կը դաւանի, նոյնիսկ առանց բարձրաձայնելու անոնց մասին: Շատ ամփոփ բաղդատական մը աննիւթեղէն եւ վերացական համարուող երկու գաղափարներուն միջեւ՝ Աստուծոյ եւ սիրոյ, կրնայ ճշմարտութեան մօտեցնել մեզ: «Աստուած չկայ» կը յայտարարես, իսկ միւս կողմէ կ՛ըսես, թէ «սէրը կայ»: Երկուքն ալ անտեսանելի գաղափարներ են: ինչպէս կ՝ըլլայ որ  մէկը կը զգաս, իսկ միւսը՝ ո՛չ:

Աստուծոյ գոյութեան զգացողութիւնը աւելի՛ զօրաւոր է, քան հասարակ սէր մը, որուն առարկան մահկանացու է կամ փճացող:

«Աստուած չկայ» ըսողին եթէ հարկադրուած ըլլանք պատասխանել, պէտք չէ՛ նոյնքան աժան պատասխան տանք, այլ՝ պէտք է ըսենք «Ուրեմն քու ունեցած սէրդ ալ չկայ», որովհետեւ զգացական աշխարհին մէջ մէկուն ըլլալը եւ միւսին չըլլալը չենք կրնար զանազանել իրարմէ. կամ բոլորը կան կամ՝ բոլորն ալ չկան:








All the contents on this site are copyrighted ©.