2017-09-13 09:48:00

2018-ի «Աւրորա» մրցանակին կը յաւակնի 509 թեկնածու


2018-ի «Աւրորա» մարդասիրական մրցանակի համար կատարուած է 750 առաջադրում, որոնցմէ 509-ը` չկրկնուած թեկնածութիւններ, կը հաղորդէ «Մեդիամաքս»-ը:

Առաջադրման փուլի ընթացքին (2017-ի Մայիս 29-էն  Սեպտեմբեր 8) յայտեր ուղարկուած են 12 լեզուով` 115 երկրէ, որոնց մէջ` Մացեալ Նահանգներէն, Ռուսիայէն, Եգիպտոսէն, Հայաստանէն, Հնդկաստանէն, Գերմանիայէն, Միացեալ Թագաւորութենէն, Փաքիստանէն, Ուքրանիայէն եւ Քէնիայէն:

Առաջադրուած թեկնածուներու թիւը աճած է 100 տոկոսով նախորդ տարուան համեմատութեամբ, երբ առաջադրուած էին 254 թեկնածու` 13 լեզուով, 66 երկրէ:

«Այն, որ 750 հոգի ժամանակ տրամադրած եւ ներկայացուցած է մարդասիրական ոլորտին մէջ գործող 509 անհատներ, շատ յուզիչ է եւ ոգեշնչող: Ատիկա կը վերահաստատէ մեր հաւատքն առ այն, որ մեծարման արժանի են ուժն ու ոգին այն բացառիկ անհատներուն, որոնք մեր անունէն, երբեմն մեր փոխարէն իրենց գործողութիւններով կը վերահաստատեն եւ կը պաշտպանեն մեր ընդհանուր մարդկայնութիւնը: «Աւրորա» մրցանակը երախտագիտութիւնը գործով արտայայտելու ուղի է` շնորհակալութիւն յայտնելով այն անձնազոհ հերոսներուն, որոնք այլոց ապրելու հնարաւորութիւն կու տան: Մենք նպատակ ունինք «Աւրորա»-ի միջոցով ճանաչման արժանացնել մերօրեայ հերոսներուն»,- ըսած է «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր Նուպար Աֆէյեան:

2018-ի «Աւրորա» մրցանակի թեկնածութիւնները պիտի ուղարկուին մարդասիրական ոլորտի խումբ մը գործիչներու, որոնք պիտի ուսումնասիրեն առաջադրումները եւ պիտի գնահատեն զանոնք` հաշուի առնելով, թէ որքանով կը համապատասխանեն «Աւրորա» մրցանակի ընտրական չափանիշներուն` ցուցաբերուած խիզախութիւն, նուիրուածութիւն եւ ազդեցութիւն: Ընտրուած թեկնածուներու հակիրճ ցանկը պիտի  ներկայացուի Ընտրող յանձնաժողովին, որ կը գլխաւորէ օսկարակիր դերասան եւ մարդասէր գործիչ Ճորճ Քլունին:

«Համաշխարհային հրատապ մարդկային ճգնաժամերու ժամանակաշրջանին կարեւոր է, որ մենք հնարաւորութիւն ունինք ճանչնալու եւ շնորհակալութիւն յայտնելու այն անհատներուն, որոնք բարի գործեր կ՛ընեն` բարիք գործելու մտադրութեամբ: «Աւրորա»-ի ամէն տարուայ յաւակնորդները ոգեշնչած են մեզ իրենց աշխատանքով եւ իրենց խօսքով: Մենք անհամբերութեամբ կը սպասենք ամբողջ աշխարհէն նոր հերոսներու պատմութիւններուն ծանօթանալուն»,- ըսած է «Աւրորա» մրցանակի Ընտրող յանձնաժողովի անդամ, Իռլանտայի նախկին նախագահ, ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու հարցերով նախկին յանձնակատար Մէյրի Ռապինսըն:

«Աւրորա» մրցանակի Ընտրող յանձնաժողովի անդամներն են՝ Նոպելեան դափնեկիրներ Օսքար Արեաս, Շիրին Էպատին եւ Լեյմա Կպովէ, Իռլանտայի նախկին նախագահ Մէյրի Ռապինսըն, մարդու իրաւունքներու պաշտպան Հինա Ճիլանի, Միջազգային ճգնաժամային խումբի նախկին նախագահ եւ Աւստրալիոյ արտաքին գործոց նախկին նախարար Կարեթ Էվընս, Մեքսիքայի նախկին նախագահ Էռնեսթօ Սետիլէօ, Լոնտոնի կայսերական քոլէճի Համաշխարհային առողջապահական նորարարութիւններու հիմնարկի տնօրէն, փրոֆէսոր լորտ Տարզի, Նիւ Եորքի Քարնեկի տնկերութեան նախագահ Վարդան Գրեգորեան:

2017-ի «Աւրորա» մրցանակը շնորհուեցաւ բժիշկ Թոմ Քաթինային, որ կաթոլիկ միսիոներ է ԱՄՆ Նիւ Եորք նահանգի Ամսթերտամ քաղաքէն: Ան հազարաւոր մարդոց կեանքը փրկած է` ըլլալով Սուտանի Նուպայի լեռներու տարածաշրջանի միակ մշտապէս գործող վիրաբոյժը: 2016-ի «Աւրորա» մրցանակը շնորհուած է Մարկարիթ Պարանկիցէին` երեխաներու արժանապատուութեան ու յոյսի վերականգնման գործին մէջ իր անկոտրում նուիրուածութեան համար: Մարկարիթ Պարանկիցէ Պուրունտիի մէջ «Խաղաղութեան տան» (Maison Shalom) եւ REMA հիւանդանոցի հիմնադիրն է:

2018-ի «Աւրորա» մրցանակի յաւակնորդներուն անունները պիտի հրապարակուին 2018-ի Ապրիլ 24-ին` Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակի օրը: 1 միլիոն տոլարի «Աւրորա» մրցանակը, որ ստեղծուած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրողներու անունէն` ի երախտագիտութիւն զանոնք փրկողներուն, երրորդ անգամ պիտի շնորհուի 2018-ի Յունիս 10-ին Հայաստանի մէջ: Դափնեկիրը մէկ միլիոն տոլարը պիտի նուիրաբերէ այն կազմակերպութիւններուն, որոնք ոգեշնչած են զինք իր գործունէութեան ընթացքին:

Մրցանակի յանձնման արարողութիւնը պիտի ամփոփէ յատուկ ձեռնարկներով լի շաբաթը։ Ձեռնարկները տեղի պիտի ունենան 2018-ի Յունիս 8-10:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.