2017-09-12 09:22:00

''Քոլոմպիան ապագայի յոյսով երկիր է'' - Ֆրանչիսկոս Պապին զրոյցը՝ լրագրողներուն հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Քոլոմպիացիները ազնիւ ազգ մըն են որոնք վախ չունին արտայայտուելու եւ ցոյց տալու իրենց զգացումները''։ Այս սրտաբուխ խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Քոլոմպիայի առաքելական ճամբորդութեան աւարտին ու դէպի Հռոմ վերադարձի ուղեւորութեան ընթացքին, բացումը կատարեց իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ սովորութիւն դարձած ասուլիսին, իր հիացմունքը արտայայտելով Քոլոմպիայի ու Քոլոմպիացի ժողովուրդին վրայ։

Ինչպէս միշտ՝ Սրբազան Քահանայապետը ազատօրէն եւ ամենայն անկեղծութեամբ պատասխաններ տուաւ իրեն ուղղուած հարցումներուն որոնք ընդգրկեցին զանազան նիւթեր հայող՝ Վենեզուելլայի կացութեան, Միացեալ Նահանգներու մէջ անչափահաս գաղթականներուն հայող օրէնքի փոփոխութեան, Լիպիոյ մէջ գաղթականներու ապրած ճգնաժամային իրավիճակին ու բնապահպանութեան  ուղիով համաշխարհային գետնի վրայ կառավարութիւններու պատասխանատուութեան։

Անդրադառնալով Քոլոմպիայի իրավիճակի մասին, Սրբազան Քահանայապետը հաստատեց թէ անցեալի հակամարտութիւններն ու զինեալ բախումները ''հիւանդութիւն'' մըն էին, ընդգծելով թէ վերջին տարուայ ընթացքին առնուած քաղաքական որոշումներն ու քայլերը յոյս կը ներշնչեն ապագային համար։ Ան ապա  իր շնորհակալութիւնը  յայտնեց Քոլոմպիայի յեղափոխական ''ELN''  զինեալ խմբաւորումին որ որոշած է ժամանակաւոր կերպով ''զինադադար'' հռչակել եւ այս ուղղութեամբ նշեց թէ ինք այն նախազգացումը ունեցաւ թէ՝ մեծ կամք մը կայ, բանակցութիւններէն անդին յառաջ տանելու սկիզբ առած գործընթացքը, սրտաբուխ կամք մը՝ որուն ետին կայ ժողովուրդին ուժը, որ իսկական դերակատարն է, ըսաւ Քահանայապետը- աւելցնելով թէ անոնք կարիքը ունին օգնութեան ու թէ այդ օգնութիւնը կարելի է ''մօտիկութեամբ, աղօթքով ու հասկացողութեամբ''։

Խօսելով ապա բնապահպանումի ու բնական աղէտներու տագնապի մասին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հաստատեց թէ այս ուղղութեամբ ամէնքս ալ ունինք ''բարոյական մեծ պատասխանատուութիւն'', ներառեալ կառավարիչները եւ թէ անոնք որոնք տակաւին չեն հասկցած այս տագնապի ծանրութիւնը թող դիմեն գիտնականներուն, որոնք յստակ պատասխաններ ունին եւ այսօր աւելի քան երբեք հրատապ կը նկատեն վերատեսել մեր ապրելակերպը, փրկելու համար մեր մոլորակը աւելի սոսկալի աղէտներէն։

Պատասխանելով ապա գաղթականներու հարցով կառավարութիւններու կողմէ յստակ որոշումներ  առնելու թերութեան մասին ուղղուած մէկ հարցումի, Նորին Սրբութիւնը  մէջբերեց Սուրբ Գիրքի մէկ խօսքը ուր կը հաստատուի թէ մարդ արարածը ''յիմար'' է ու յաճախ կը նախընտրէ չի տեսնել իրականութիւնը։ Այս առընչութեամբ, Քահանայապետը երախտապարտութիւնը յայտնեց Իտալիայի եւ Յունաստանի կառավարութիւններուն որովհետեւ, ըսաւ Ան, իրենց դռները բացին գաղթականներուն դիմաց թէեւ՝ նկատել տուաւ Սրբազան Քահանայապետը, այս չի նշանակեր թէ անոնք ստիպուած են իրենց կարողութիւններէն անդին ''գաղթականներ'' ընկալել, ապա ընդգծեց ընկալումէն անդին գաղթականներու ''ներառումի'' կարեւորութիւնը ու հիւրընկալուած ընկերութիւններու կեանքին մէջ անոնց ներգրաւումը։

Նախ քան զրոյցը աւարտելը Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց նաեւ Նախագահ Թրամփի՝ այսպէս կոչուած  “Dreamers” օրէնքը վերացնելու առած որոշումի մասին, որ կը հայի 800 հազար գաղթական անչափահասներու, հաստատելով թէ այդ հարցին մէջ ամենացաւալին ''մարդկայնական'' տագնապն է ու թէ այս առընչութեամբ ՄԱԿ-ը  պէտք է լսելի դարձնէ իր ձայնը։

40 Վայրկեան տեւող ասուլիսի աւարտին Նորին Սրբութիւնը հրաժեշտ առնելով իր հետ ճամբորդող լրագրողներէն ուզեց անգամ մը եւս սրտաբուխ յայտարարութիւն մը կատարել Քոլոմպիայի մասին ըսելով “Քոլոմպիայի մէջ իմ վրաս մեծ ազդեցութիւն թողուցին, այն հայրերն ու մայրերը որոնք իրենց փոքրիկ զաւակները շալկած ինծի կը մօտեցնէին օրհնելու համար զանոնք։ Կարծես կ՛ուզէին ըսել. ասիկա իմ գանձս է։ Այս մէկը, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, ապագայի խորհրդանիշ եւ յոյս է։ Ազգ մը որ կարող է բազմաթիւ մանուկներ ունենալ ու զանոնք ցոյց տալ որպէս գանձ, ազգ մըն է որ ունի յոյս եւ ապագայ'' եզրակացուց Ան։  








All the contents on this site are copyrighted ©.